Ղարաբաղաատրպէյճանական շփման գիծին իրավիճակը կը շարունակէ կայուն մնալ` հակառակ առկայ որոշակի լարուածութեան: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Մովսէս Յակոբեանը:
«Թէեւ կայ որոշակի լարուածութիւն, բայց դա մեզ համար որեւէ մտավախութիւն չի առաջացնում: Այսօր զինուած ուժերը լիարժէք վերահսկում են իրավիճակն առաջնագծում»,-նշած է Յակոբեանը:
ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետը նաեւ յայտնած է, որ Արցախի սահմանային ուղղութիւնը ամբողջութեամբ ապահովուած է տեսադիտարկման սարքերով։ Արցախի ուղղութիւնը ամբողջութեամբ, իսկ հայ-ատրպէյճանական սահմանը՝ մասամբ արդէն ապահովուած են տեսադիտարկման սարքերով: