Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցան Հանրապետութեան Տօնին Նուիրուած Տօնակատարութիւններ

Տեղի Ունեցան Հանրապետութեան Տօնին Նուիրուած Տօնակատարութիւններ

by MassisPost

28 Մայիսին Սերժ Սարգսեանը  Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ յուշահամալիր այցելած հիւրերու հետ մասնակցած է Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան:

Հանրապետութեան Նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած: Զօրահանդէսի մասնակիցները ողջունելէ եւ Պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերգը ընդունելէ ետք Նախագահը միջոցառման մասնակիցներուն հետ Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ դիտած է «Գալէմքեարեաններ պղնձագործ վարպետաց սիրիահայոց դպրոց. փրկուած եւ Հայրենիքին նուիրաբերուած մշակութային արժէքներ» խորագրով ցուցահանդէսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment