Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թոմ Քաթինան՝ «Աւրորա» Մրցանակի Դափնեկիր

Թոմ Քաթինան՝ «Աւրորա» Մրցանակի Դափնեկիր

by MassisPost

Այս տարի մարդասիրական «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր դարձաւ բժիշկ Թոմ Քաթինան: Ան Նուպայի լեռներուն մէջ «Գթութեան մայր» հիւանդանոցի վիրաբոյժն է: Վիրաբոյժ եւ կաթողիկէ    միսիոնար  Քաթինան տարիներ շարունակ Սուտանի պատերազմական Նուպա լեռներուն մէջ միակ վիրաբոյժը եղած է՝ իրականացնելով տարեկան 1000 վիրահատութիւն եւ սպասարկելով օրական աւելի քան 400 հիւանդի:

«Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունով ստացաւ 100 հազար ԱՄՆ տոլար պարգեւ՝ շարունակելու իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար դրամաշնորհ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն կու տայ շարունակելու նուիրատուութեան շղթան՝ աջակցելով իրեն ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:

Անցեալ տարի «Աւրորա» մրցանակին արժանացած էր Մարկարիթ Պարանկիցէն: Ան հիմնած է «Խաղաղութեան տուն» («Մէյսոն Շալոմ») որբանոցը՝ 1990-ականներուն Պուրունտիի, Ռուանտայի եւ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող էթնիք զտումներէն երեխաներուն փրկելու համար: Կորսնցնելով իր 7 զաւակները` ան փրկած է աւելի քան 30 հազար երեխայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment