Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ The New York Times-ը Բացառիկ Հետաքննութեամբ Պարզած է Էրտողանի Թիկնապահներու Մասնակցութիւնը Ուաշինկթընի Ծեծկռտուքին

The New York Times-ը Բացառիկ Հետաքննութեամբ Պարզած է Էրտողանի Թիկնապահներու Մասնակցութիւնը Ուաշինկթընի Ծեծկռտուքին

by MassisPost

Ամերիկեան հեղինակաւոր The New York Times պարբերականը մանրամասն լրագրողական հետաքննութիւն իրականացուցած է՝ կապուած 16 Մայիսին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրի դիմաց տեղի ունեցած ծեծկռտուքի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, լրատուամիջոցը մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է դէպքի վայրին մէջ առնուած տեսանիւթերը՝ պարզելու, թէ արդեօք Թուրքիոյ նախագահի անվտանգութեան աշխատակիցները յարձակած են խաղաղ ցուցարարներու վրայ:

The New York Times-ը ուսումնասիրած է 24 տղամարդու, ինչպէս նաեւ նախագահ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցներու գործողութիւնները:

Ցուցարարներու վրայ յարձակում իրականացուցած տասը անձեր, ինչպէս կ’երեւի, պաշտօնապէս անվտանգութեան աշխատակիցներ են: Անոնք կը կրեն սեւ քոսթիւմներ, իսկ ականջներուն ունին ռատիօհաղորդիչ ականջակալներ: Բացի այդ, անոնք կը կրեն թրքական կրծքանշաններ ու ինքնութեան քարտեր: Այդ տղամարդոցմէ առնուազն չորսը ունէին զէնք, իսկ անոնցմէ երկուքը այն մարդոց շարքին են, որոնք սկսած են ծեծկռտուքը: The New York Times-ը ուսումնասիրած է հինգ տարբեր անկիւնէ առնուած տեսանիւթեր, որոնց արդիւնքով արձանագրած է, որ յարձակողներէն մի քանին կը կրեն ինքնութեան քարտեր, որոնց վրայ կան Թուրքիոյ ու ԱՄՆ դրօշները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահականի խորհրդանիշը, ինչը կ’ապացուցէ, որ տուեալ անձը ԱՄՆ այցելած պատուիրակութեան կազմէն է:

Մարդոց միւս խումբը, որ առանձնացուցած է The New York Times-ը, «խաքի» գոյնի հագած վեց տղամարդիկ են: Լրատուամիջոցը նշած է, որ անոնց հագուստը շատ նման է թրքական անվտանգութեան աշխատակիցներու կողմէ ամրան կրուող համազգեստին: Տեսանիւթերուն մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս տղամարդիկ յարձակած են ցուցարարներու վրայ, ոտքով հարուածներ հասցուցած երկու կնոջ:

The New York Times-ի կողմէ առանձնացուած միւս խումբին մէջ իրենց որպէս Էրտողանի աջակիցներ յայտարարած ութ անձեր են: Անոնք հիմնական կը կրեն սովորական հագուստ, զինուած չեն, յայտնի չէ անոնց կապը թրքական անվտանգութեան աշխատակիցներուն հետ, սակայն անոնք ծեծկռտուքի մէջ առանցքային դերակատարում ունին: Անոնցմէ երկուքը ամենաառաջ սկսած են հրմշտել ցուցարարներուն: Դեղին շապիկ կրող Ալփքենան Տերեճին բռունցքով հարուածած էր ցուցարարներէն մէկուն, ինչէն ետք մէկ այլ ցուցարար բարձրախօսը նետած է անոր վրայ՝ վնասելով դէմքը: Քաղաքացիական հագուստով այս ցուցարարներէն մէկն ալ ոտքով հարուածներ հասցուցած է Լիւսի Ուսոյեանին:

Ամերիկեան լրատուամիջոցը առանձնացուցած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահի շրջապատին մէջ գտնուած երեք անձ՝ անվտանգութեան բաժնի ղեկավարին, ցուցարարներու վրայ յարձակած աշխատակիցի մը եւ հրահանգներ ստացած անվտանգութեան աշխատակիցին: «Թուրքիոյ նախագահը կը դիտէր ծեծկռտուքը իր սեւ Mercedes-Benz մակնիշի մեքենային մէջէն, որ կայանուած էր Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրի մօտ: Դեռեւս յայտնի չէ, թէ ան ինչ դերակատարում ունեցած է բախման գործին մէջ: Սակայն տեսանիւթը ցոյց կու տայ, որ իր անվտանգութեան աշխատակիցներէն առնուազն մէկը կը նետուի կռիւի մէջ եւ կը սկսի հարուածել ու հրմշտել ցուցարարներուն:

Նստած ըլլալով մեքենայի մէջ՝ Էրտողանը խօսած է Մուհսին Քեօսէի՝ իր անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարի հետ: Էրտողանի հետ խօսելէ ետք Քեօսէն խօսած է իր ականջակալով, ինչէն ետք անվտանգութեան երեք աշխատակից, որոնք կը պաշտպանէին նախագահի մեքենան, շտապած են դէպի ցուցարարները»,- գրած է լրատուամիջոցը:

Բախման աւարտէն ետք անոնք վերադարձած են դէպի մեքենայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment