Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Գերմանացի Օրէնսդիրները Չեղարկած են Իրենց Այցը Թուրքիա

Գերմանացի Օրէնսդիրները Չեղարկած են Իրենց Այցը Թուրքիա

by MassisPost

Գերմանացի օրէնսդիրները վերջին պահուն անակնկալ կերպով չեղարկած են իրենց այցը Թուրքիա, որ նախատեսուած էր 25-28 Մայիսին:

«Պատճառը Անգարայի կողմէ չափէն դուրս ճնշումներն են, բարձր օղակներէն պատգամաւորներուն յայտնած են, որ այցելութիւնը անժամանակ է», – յայտարարած է Պունտեսթակի փոխնախագահ Քլաուտիա Ռոթը՝ աւելցնելով, որ թրքական կողմը նաեւ հրաժարած է ապահովել գերմանացի պատուիրակներու անվտանգութիւնը: «Սա փաստօրէն հաւասարազօր էր քաղաքական երկխօսութենէն հրաժարելուն» ,- յայտարարած է Պունտեսթակի փոխնախագահը:

Կ’նթադրուէր, որ գերմանացի չորս պատգամաւորներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէր Անգարա, Պոլիս եւ Տիարպէքիր: Անոնք ծրագրած էին հանդիպումներ ունենալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ խորհրդարանի ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու երկրի ներքաղաքական իրավիճակը, սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի հետեւանքները եւ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները:

ՆԱԹՕ-ի անդամ դաշնակից երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կտրուկ սրուած են աւելի քան մէկ տարի առաջ, եւ մինչ օրս այդ լարուածութիւնը ոչ միայն չի թուլանար, այլեւ օրէ օր աւելի կը վատթարանայ:

Նախօրէին Էրտողան յայտարարած է, որ եթէ Գերմանիան կ’ուզէ հրաժարիլ Ինճիրլիքէն, ապա իրենց կը մնայ միայն «ցտեսութիւն» ըսել: Թուրքիոյ նախագահը այս մասին խօսած է Անգարայի մէջ՝ Պրիւքսէլ մեկնելէ առաջ, ուր երէկ Հիւսիսաթլանթանեան դաշինքի անդամ երկիրներու իր գործընկերներու հետ պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ-ի տարեկան գագաթնաժողովին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment