Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Human Rights Watch-ը ԵՄ Ղեկավարներուն Յորդորած է Էրտողանի Յիշեցնել Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Մասին

Human Rights Watch-ը ԵՄ Ղեկավարներուն Յորդորած է Էրտողանի Յիշեցնել Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Մասին

by MassisPost

Միջազգային իրաւապաշտպան Human Rights Watch կազմակերպութիւնը Եւրոմիութեան ղեկավարներուն կոչ ըրած է 25 Մայիսին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպման ժամանակ յիշեցնել անոր, որ յետագայ համագործակցութեան հարցը կախուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցի  մասին պաշտօնական Անգարայի դիրքորոշումէն: Այս մասին ըսուած է կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Իր լիազօրութիւնները ընդլայնող հանրաքուէին մէջ յաղթանակէն ետք Էրտողանի հետ կայանալիք առաջին հանդիպման Եւրոմիութիւնը պէտք է քննարկման ներառնէ նաեւ մարդու իրաւունքներու հարցը: Նախագահներ Եունկըր եւ Թուսք պէտք է փոխանցեն այն միտքը, որ նոր պայմաններով աւելի խոր տնտեսական համագործակցութիւնը կախուած պիտի ըլլայ Էրտողանի կողմէ Թուրքիոյ մէջ իրականացուող ճնշումներու դադարեցման ու մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան պաշտպանութեան հետ»,- ընդգծած է Human Rights Watch-ի ԵՄ հարցերով տնօրէն Լոթթէ Լայթը:

Ան յիշեցուցած է, որ այսօր Թուրքիան լրագրողներ ձերբակալելու հարցին մէջ համաշխարհայինօրէն առաջատարն է: «Եունկըր եւ Թուսք պէտք է պնդեն, որ ԵՄ-Թուրքիա յարաբերութիւնները կախուած են Էրտողանի կողմէ լրագրողներուն ու ընտրուած քաղաքական գործիչներուն ազատ արձակելու, յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը վերացնելու եւ մահապատիժի վերականգնման միտքէն հրաժարելու հետ»,- ընդգծած է Լոթթէ Լայթը:

25 Մայիսին Էրտողանը Պրիւքսէլի մէջ պիտի հանդիպի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունկըրի հետ: Եռակողմ հանդիպման առանցքային հարցերին պիտի ըլլան Եւրոմիութեան անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ փակուղի մտած բանակցութիւնները, մահապատիժի վերականգնման մասին պաշտօնական Անգարայի կողմէ հնչեցուող յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-ԵՄ փախստականներու հարցով համաձայնագրի ապագան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment