Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արա Բաբլոյեան Ընտրուած է ԱԺ Նախագահ

Արա Բաբլոյեան Ընտրուած է ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահի ընտրութեան գաղտնի քուէարկութեան 105 պատգամաւորէն մասնակցած է 100-ը: Քուէատուփին մէջ առկայ 100 քուէաթերթիկէն ոեւէ մէկը անվաւեր  չէ ճանչցուած, յայտարարած է ԱԺ հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մելիքեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ ձայները բաշխուած են` Արա Բաբլոյեան` կողմ 88, դէմ 12, Էտմոն Մարուքեան` 12 կողմ, 88 դէմ:

«Այսպիսով, Ազգային ժողովի նախագահ կ՛ընտրուի Արա Բաբլոյեան: Կը շնորհաւորենք»,- ըսած է Գագիկ Մելիքեան:

Իր ելոյթին մէջ Արա Բաբլոյեան ըսած է. «Մեծ պատասխանատուութեամբ կ՛ընդունիմ ինծի տրուած բարձր վստահութիւնը: Ստանձնելով Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը`  յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճամ` կ՛երդուիմ` բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերու պահպանման, ընել ամէն ինչ քաղաքացիական համերաշխութեան, ազգային ու համամարդկային արժէքներու պահպանման համար»:

Յիշեցնենք, որ ԱԺ նախագահի թեկնածու Արա Բաբլոյեանին առաջադրած էր Հանրապետական կուսակցութիւն, էտմոն Մարուքեանին` «Ելք» դաշինքը:

 Նիկոլ Փաշինեան՝ «Ծառուկեան» դաշիքի պատգամաւորներուն.
Ինչո՞ւ չքուէարկեցիք Մարուքեանի օգտին
ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը «Ծառուկյան» դաշինք խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեանէն հետաքրքրուած է՝ ինչու իրեն ընդդիմադիր հռչակած «Ծառուկեան» դաշինքի բոլոր պատգամաւորները կողմ չեն քուէարկած ԱԺ նախագահի «Ելքի» թեկնածուի օգտին: Մելքումեան ըսած է, որ իրենց խմբակցութեան մէջ քաղաքական որոշում կայացուած է, որ պատգամաւորները քուէրակութեան հարցին մէջ ազատ են, իրենց խիղճով քուէարկած են:

«Ցաւալի է, որ ընդդիմադիր խմբակցութեան պատգամաւորների խիղճն իրենց տարել է դէպի իշխանութիւն»,- արձանագրած է Փաշինեան: Ան ըսած է, որ «Ելք» խմբակցութիւնը ԱԺ փոխնախագահի ընտրութիւններուն պիտի քուէարկէ «Ծառուկեան» դաշինքի թեկնածուի օգտին: Իսկ Ծառուկեան դաշինքի թեկնածուն Միքայէլ Մելքումեանն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment