Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի մէջ Վերականգնուող Ուժանիւթի Զարգացման Նուիրուած Համաժողով

Հայաստանի մէջ Վերականգնուող Ուժանիւթի Զարգացման Նուիրուած Համաժողով

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը կը խրախուսէ ուժանիւթի զանազանութիւնն ու կանաչ  ուժանիւթի արտադրութիւնը: Այս մասին, Մայիս 17-ին, Երեւանի մէջ մեկնարկած Հայաստանի մէջ վերականգնուող ուժանիւթի զարգացման հեռանկարներուն նուիրուած մէկօրեայ համաժողովի ժամանակ նշած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլսը:

«25 տարի առաջ ԱՄՆ պետքարտուղարութեան մէջ ես նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապուած հարցերով կը զբաղուէի, շատ լաւ կը յիշում այդ ժամանակները: Ձեր մէջ ալ կը կարծեմ կան այն տարիքի մարդիկ, որոնք կը յիշեն, որ անկախութեան առաջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ուժանիւթի իրավիճակը շատ անկայուն էր: Հոսանքի անջատումները կանոնաւոր բնոյթ ունէին: Մարդիկ ծառեր կը հատէին, որպէսզի տուները ջեռուցէին: Իրական ճգնաժամ էր: Սակայն Հայաստանը մթութեան ու սղութեան առջեւ տեղի չտուաւ, այլ բարեկամներու ու գործընկերներու օգնութեամբ, ինչպիսին է՝ Միացեալ Նահանգները, կրցաւ դառնալ երկիր մը, որ ի վիճակի է հոգալ սեփական կարիքները, եւ դեռ աւելին, կրնայ արտահանել ելեկտրական ուժանիւթի աւելցուկը», – ըսած է դեսպան Միլսը:

Ան ընդգծած է էլեկտրային ուժանիւթի զանազանութիւնը ու կանաչ ուժանիւթի արտադրութիւնը խրախուսելու ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան արժէքաւոր աշխատանքը, այդ շարքին եւ յունուարին կազմակերպուած Արեւային ուժանիւթի ներդրումային համաժողովը: Դեսպանը նաեւ նշած է այս ոլորտի մէջ ԱՄՆ-ի ու Հայաստանի գործակցութեան մասին, մասնաւորապէս՝ անցած ամիս հայաստանեան պաշտօնեաներու ու մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներու համար կազմակերպուած ճանաչողական այցը դէպի ԱՄՆ, ուր անոնց ներկայացուած է արեւային ուժանիւթի արտադրութեան լաւագոյն փորձը:

USEmbassy2

Համաժողովին իրենց փորձը ներկայացնելու եւ Հայաստանի մէջ առկայ գործարար հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու համար ներկայացուցիչներ գործուղած էին եօթ ամերիկեան ընկերութիւններ՝ Հանիւըլ Պիւլտինկ Սոլուշընս, Հանիւըլ Սմարթ Էնըրճի, ՄաքԼին Փաուըր Սիսթըմզ, Ֆըրսթ Սոլըր Փաուըր Սոլուշընզ, Քաթըրփիլար, Ճենըրըլ Էլեքթրիք եւ Քոնթուր Կլոպըլ: Համաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկած են նաեւ Միջազգային ֆինանսական կաշառակերութեան, Գերմանիոյ զարգացման KfW պանքի, Ամերիկա պանքի, զուիցերիական Meeco Group-ի եւ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչները:

«Առաջնորդելով վերականգնուող աղբիւրներու օգտագործմամբ ուժանիւթի ոլորտի զանազանութեան եւ ուժանիւթի խնայողական ծրագիրներուն ուղղուած աշխատանքները՝ ՀՀ կառավարութիւնը մշակած եւ ներդրած է մեխանիզմներ եւ ծրագիրներ, որոնք թոյլ  կու տան զարկ տալ վերականգնուող եւ արեւային ուժանիւթի աճին Հայաստանի մէջ: Իսկ ԱՄՆ կառավարութիւնը պատրաստ է շարունակել գործակցութիւնը Հայաստանի հետ, ինչպէս եղած է վերջին 25 տարիներու ընթացքին», – ըսած է դեսպան Միլսը:

Նշենք, որ Համաժողովը կազմակերպած էր ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը՝ ՀՀ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան եւ Քոնթուր Կլոպըլ ընկերութեան հետ համատեղ: Համաժողովին մասնակցած են վերականգնուող ուժանիւթի քանի մը առաջատար ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 70 հայկական ընկերութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment