Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանը Քաթարի Էմիրի Հետ Քննարկած է Մուտքի Արտօնագրի Ազատականացման Հարցը

Սերժ Սարգսեանը Քաթարի Էմիրի Հետ Քննարկած է Մուտքի Արտօնագրի Ազատականացման Հարցը

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Քաթարի Պետութիւն գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ՝ 15 Մայիսին, առանձնազրոյց ունեցած է Քաթարի Էմիր Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:

Հանդիպման ժամանակ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Էմիրին բարեկամ Քաթարի Պետութիւն այցելելու հրաւէրի եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան ցուցաբերուող ջերմ ընդունելութեան համար:

Զրուցակիցները երկուստեք յոյս յայտնած են, որ Հայաստանի նախագահի Քաթար առաջին այցի արդիւնքները իրենց լուրջ ներդրումը կ’ունենան հայ-քաթարական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման վրայ: Անոնք խորհրդանշական համարած են, որ այցելութիւնը տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակի տարին, որ, կողմերու համոզմամբ, պատեհ առիթ է հայ-քաթարական յարաբերութիւնները վերաիմաստաւորելու եւ անոնց նոր խթան հաղորդելու համար:

Երկկողմ փոխգործակցութեան զարգացման մէջ կարեւորուած է երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական շփումներու, մասնաւորապէս՝ արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններու իրականացումը, որ հնարաւորութիւն կու տայ տեսակէտներ փոխանակել երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, տարածաշրջանի խնդիրներու վերաբերեալ:

Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ մուտքի արտօնագրի ազատականացման հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ծաւալման նպատակով քաթարական օդանաւային ընկերութեան հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարը:

Հանրապետութեան նախագահը եւ Քաթարի Էմիրը փոխշահաւէտ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խթանման տեսանկիւնէն կարեւորած են երկու երկիրներու միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստերու իրականացումը:

Հայկական կողմէն քննարկման համար առաջարկուած են տարբեր ոլորտներու  շարք մը ներդրումային ծրագիրներ: Դիտարկուած է Հայաստանի տարանցիկ հնարաւորութիւններու օգտագործումը, յատկապէս` Հայաստանի միջոցով մուտքը դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներ:

Հանրապետութեան նախագահի առաջարկով Քաթարի Էմիրը յանձնարարած է Քաթարի տնտեսութեան նախարարին, որ միաժամանակ Քաթարի ներդրումային կազմակերպութեան նախագահի տեղակալն է, առանձին հանդիպում ունենալ ՀՀ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ Քաթար գտնուող Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի հետ եւ առաւել հանգամանօրէն քննարկել երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ներուժն ու հեռանկարը: Այցի ծիրէն ներս նման քննարկումներ իրականացնելու յանձնարարութիւն ՀՀ Նախագահէն եւ Քաթարի Էմիրէն ստացած են նաեւ երկու երկիրներու օդանաւային բնագաւառի պատասխանատուները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Քաթարի Էմիր շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանին անդրադարձած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Քաթարի Էմիրը կարեւորած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը` ընդգծելով, որ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը խաղաղ ճանապարհով եւ երկխօսութեան միջոցով այլընտրանք չունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment