Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանի Խոշորագոյն Դրամատունը Դադրեցուցած է Վարկատուներու Վճարումները

Ատրպէյճանի Խոշորագոյն Դրամատունը Դադրեցուցած է Վարկատուներու Վճարումները

by MassisPost

Ատրպէյճանի խոշորագոյն Միջազգային դրամատունը, որ երկրի մէջ արժոյթի պակասի եւ արժութային սուր ճգնաժամի հետեւանքով սնանկացման շեմին է, դադրեցուցած է արտաքին պարտքի վճարումները եւ վարկատուներու հետ բանակցութիւններ պիտի սկսի վերակառուցման շուրջ, կը յայտնէ Forbes-ը:

10 Մայիսին Ատրպէյճանի միջազգային պանքը (ԱՄՊ) հիմնական պարտքի եւ 100 միլիոն տոլար վարկի տոկոսներու վճարումներ չէ կատարած, նշուած է պետական դրամատան հաղորդագրութեան մէջ: Արտարժոյթով անոր պարտքի մէկ մասը պիտի փոխարինուի Ատրպէյճանի պարտատոմսերով, իսկ առաջարկուող վերակառուցման ծրագիրը պարտադիր պիտի ըլլայ, եթէ վարկատուները անոր հաւանութիւն տան, որոնց բաժին կ’իյնայ դրամական արտայայտութեամբ պարտքի երկու երրորդը:

Դրամատան 2019 թուականին մարուող պարտատոմսերու գինը 15 տոկոսով ինկած է, իսկ եկամտաբերութիւնը աճած է մինչեւ 14,188 տոկոս: Դրամատունը վճարումներու դադրեցումը «ցաւալի» անուանած է: «Անհրաժեշտ են յետագայ շտապ միջոցառումներ Ատրպէյճանի միջազգային պանքի երկարաժամկէտ կենսունակութեան պահպանման համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարկ է նշել, որ դրամատունը նաեւ դուստր կազմակերպութիւն ունի Ռուսաստանի մէջ՝ ԱՄՊ-Մոսկուա: 2002 թուականի յունուարին այն բացուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու աջակցութեամբ եւ անոր կը պատկանի դրամատան 100 տոկոսը: Այն կը մտնէ ապահովագրական աւանդներու համակարգի եւ ըստ   պահուստներու (24 միլիառ ռուբլի)   հիմնական  150 դրամատուներու մէջ: Ապրիլին անոր հաշուին ընկերակցային  յաճախորդներու միջոցներու մօտ 2,1 միլիառ ռուբլի եւ ֆիզիքական անձանց միջոցներու մօտ 600 միլիոն ռուբլի կար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment