Շարունակելով իր սահմանային խախտումները եւ նոյնիսկ ոչ զինուորական թիրախները հարուածելու սովորութիւնը, ատրպէյճանական կողմը կրակ բացաւ հայկական «Շանթ» հեռատեսիլի կայանի «Դիրքերում» հաղորդաշարը նկարահանող խմբակի ինքնաշարժին վրայ: Հրաձգութեան հետեւանքով վիրաւորուեցաւ խմբակի նկարահանողներէն Դաւիթ Աթոյեանը, իսկ ինքնաշարժը կրեց նիւթական վնասներ: Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդին կրակոցները դադրեցան: Վիրաւորը փոխադրուեցաւ Ստեփանակերտի հիւանդանոց եւ ենթարկուեցաւ վիրաբուժական գործողութեան: Անոր վիճակը կայուն է:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խոստովանեցաւ «Շանթ» ի ինքնաշարժին վրայ կրակելուն մասին: Հակառակորդի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ կրակ բացած է ինքնաշարժին վրայ, սակայն որպէս պատասխան` այդ նոյն ինքնաշարժէն ատրպէյճանական դիրքերուն վրայ արձակուած կրակոցներուն: Ըստ ատրպէյճանական կողմին, ինքնաշարժը որեւէ տարբերիչ նշան չունէր զայն զանազանելու համար Արցախի պաշտպանութեան ուժերու մեքենաներէն:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պարբերաբար կը խախտէ Ժընեւի ուխտը եւ Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթները: Անոր համաձայն, հակառակորդը լաւ գիտէր, թէ ինքնաշարժին մէջ կային լրագրողներ, որոնք նկարահանումներ կը կատարէին սահմանային գօտիին վրայ:
«Մենք գործ ունինք ահաբեկչական պետութեան հետ, որ ոչ միայն չի հետեւիր միջազգային սկզբունքներուն, այլեւ պարբերաբար յարձակումներու կը ձեռնարկէ միջազգային օրէնսդրութեամբ հսկուող խումբերու եւ թիրախներու վրայ` ներառեալ լրագրողներու եւ շտապ օգնութեան խմբակներ», ըսաւ Պապայեան: