Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Յիշատակի Երեկոյ Նուիրուած Պէպօ Սիմոնեանի

Յիշատակի Երեկոյ Նուիրուած Պէպօ Սիմոնեանի

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային եւ Սահակեան Սանուց  Միութիւններու, Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017-ին, ՀԿԲՄ-ի  Կարօ Սողանալեան  սրահէն ներս տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյի հանդիսութիւն մը, նուիրուած ՆՍՄՄ-ի հիմնադիրներէն եւ Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի երկարամեայ տնօրէններէն, բանաստեղծ, մանկավարժ, գրականագէտ, մշակութային եւ հանրային գործիչ` Պէպօ Սիմոնեանի ծննդեան 80-ամեակին եւ բեղուն վաստակին:

Պէպօ Սիմոնեանի անձին ու վաստակին ծանօթ ընտրանի հասարակութիւն մը փութացած էր սրահ: Ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին Սան Տիեկոյի Հայց. Եկեղեցւոյ երկարամեայ հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. եւ երէցկին Արաքսի Թաթուլեան, Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեան, Արեւմեան Ամերիկայի Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմնի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան, ինչպէս նաեւ կեդրոնի եւ շրջանային այլ ղեկավարներ, գրողներ, մտաւորականներ, նախկին պաշտօնակիցներ եւ սաներ:

harutԵրեկոյի հանդիսավար Յարութ Տէր Դաւիթեան, զոյգ միութեանց անուններով ողջունելէ ետք ներկաները, զանոնք հրաւիրեց յոտնկայս  կատարելու Սահակեանի  քայլերգը, առաջնորդութեամբ Տիկ. Լենա Թաշճեան-Մանուկեանի:

Ապա, ընթերցեց ողջոյնի գիրեր, ուղարկուած Պէպօ Սիմոնեանի կողակիցին` Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանի եւ իրենց զաւակներուն եւ ընտանիքներուն կողմէ, Լիբանանահայ Գրողներու համախմբումի, գրականագէտ Երուանդ Տէր  Խաչատուրեանի, Պէյրութի եւ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի ՆՍՄՄ-ի վարչութիւններու կողմէ: Իր բացման խօսքով, ան պատմեց երկու զուարճալի յուշեր, նախակրթարանի վեցերորդ կարգի իր դասապահերէն, երբ Պրն. Պէպօ Սիմոնեանը ունեցած էին  որպէս հայերէնի ուսուցիչ:

Ընթացք տալով  օրուան յայտագրի գեղարուեստական բաժնի առաջին ելոյթին, ան հրաւիրեց Տիկ. Լենա Թաշճեան-Մանուկեանը ընթերցելու հատուածներ Պէպօ Սիմոնեանի խոհեր-մտածումներէն «Մարդը, Մեծ Մարդը եւ Ուրիշ Մարդեր», ինչպէս նաեւ ասմունքելու անոր «Մութ Խորան» բանաստեղծութիւնը, որոնց  բարձրորակ կատարումը շատ տպաւորիչ էր:

gabrielՀանդիսութեան առաջին զեկուցաբերն էր  Ս.Դ.Հ.Կ.ի Վարիչ Մարմնի փոխ ատենապետ Գաբրիէլ Մոլոյեան, նիւթ ունենալով`  «Պէպօ Սիմոնեան Մարդը եւ Հանրային Գործիչը»: Ան վեր առաւ Պէպօ Սիմոնեանի մարդկային յատկանիշները, որոնցմէ գլխաւորներն էին իր բանաստեղծի ու դաստիարակի խառնուածքը: Իր տնօրէնութեան քառորդ դարու շրջանին Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի պատմութեան էջերն արձանագրեցին բացառիկ յաջողութիւններ, հաստատութիւնը հասցնելով կրթական բարձրագոյն մակարդակի եւ մշակութային աշխոյժ կեդրոնի: Այնուհետեւ Գ. Մոլոյեան յարեց. «Պէպօ Սիմոնեան իր անբասիր նկարագրով ուղղամտութեամբ եւ արդարամտութեամբ գործեց նաեւ կուսակցութեան շարքերուն մէջ, որպէս գաղափարանուէր Հնչակեան: Իրեն վստահուեցան պատասխանատու պաշտօններ, նախ որպէս Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի եւ ապա Ս.Դ.Հ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: Պէպօն առաւել եւս ճանաչելի դարձաւ իր գրականագիտութեան կողքին նաեւ ազգօգուտ այլազան գործունէութեանց համար:

Յիրաւի բախտաւոր եղաւ Պէպօ Սիմոնեան, քանի որ արժանացաւ արդար շքանշաններու եւ գնահատանքի: Կ’ուզեմ նշել անոնցմէ քանի մը հատը.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, ձեռամբ Արամ Ա. Վեհափառին:

Լիբանանի Կրթական Նախարարութեան  շքանշանը ձեռամբ երեսփոխան Սեպուհ Գալբաքեանի:

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը, ձեռամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի:

Հնչակեան Կուսակցութեան «Փարամազ» մետալը որ յանձնուեցաւ յետ մահու իր կողակիցին Տիկ. Ազատուհիին»:

Գեղարուեստական բաժնի երկրորդ ելոյթը ներկաներուն համար  անակնկալ մը եղաւ: Անոնց հրամցուեցաւ Պէպօ Սիմոնեանի երգի վերածուած «Գարնանամուտ Է» բանաստեղծութիւնը, կատարողութեամբ իր քենիին դուստր, մեզմէ  անժամանակ հեռացած` Սիլվա Չիլինկիրեանի: Բանաստեղծութիւնը, եղանակն ու մանաւանդ  մեկնաբանումը, յուզեց ներկաները:

kazanjianՀանդիսութեան երկրորդ զեկուցաբերն էր վաստակաշատ գրող, հասարակական գործիչ եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի երկարամեայ խմբագիր`  Տօքթ. Արշակ Գազանճեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանի մտաւորական եւ մշակութային գործիչի արժանիքները, դիտել տալով որ ան շուքի մէջ չթողուց ոչ մէկ արժանաւոր դասական անցեալ եւ ներկայ ժամանակակից գրող:  Գրեց բոլորի մասին: Տուաւ իր գնահատականը:  Գրեց մեր ազգը յուզող բոլոր հիմնական հարցերու մասին, ինչպէս` «Հայկական ինքնութեան ռազմավարութիւնը», Գիրքը` ինքնակատարելոգործման  դպրոց,  «Հայրենի  հողի  երազանքը», «Խոհեր  սփիւռքահայ գրականութեան անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մասին», «Ուժի  տրամաբանութիւնը եւ տրամաբանութեան ուժը եւ Մշակոյթը` ընտանիքէն, դպրոցէն, եկեղեցիէն մինչեւ մշակութային կառոյցներըՙ, «Ազգապահպանում եւ մշակոյթ», եւ մեր ազգի առօրեայի հետ կապուած բազմաթիւ բնագաւառներէ վերցուած նիւթեր, որոնց   իւրաքանչիւրի  մասին Սիմոնեան իր վերլուծականը կարգին կատարելէ ետք, բանաձեւեց իր  արի կեցուածքը:

Պէպօ Սիմոնեան  գնահատուած  կամուրջներէն  մին հանդիսացաւ  հայ սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ: Ան ջատագովը հանդիսացաւ,  հայրենիքն ու սփիւռքը իրարմէ հեռացնող, բաժնող եւ գործակցութիւնը արգելակող պատնէշներու վերացման, նոյնպէս եւ, ջատագովը դարձաւ սփիւռքի եւ հայրենիքի կապերու առաւել սերտացման եւ հայ սփիւռքի եւ հայրենիքի գրողներու համագործակցութեան, ազգային , հայրենասիրական, գրաքննադատական, եւ ստեղծագործական, մասնաւորաբար,  բանաստեղծական ոլորտներէ ներս:

Պաշտօնական յայտագրի աւարտին, սրտի խօսքով ելոյթներ ունեցան ՀՄՄ-ի երկարամեայ ատենապետ` Տիգրան Սարաֆեան եւ ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի անդամ Սուրէն Խուտանեան: Անոնք իրենց յուշապատումներու ընդմէջէն գնահատեցին Պէպօ Սիմոնեանի կարգ մը արժանիքները, որոնք մեծապէս տպաւորած էին զիրենք:

Հանդիսութեան աւարտէն ետք, ներկաները մօտ մէկ ժամ մնացին սրահին մէջ, իրարու հետ բաժնելով հաճելի եւ յուզիչ յիշատակներ, կապուած Պէպօ Սիմոնեան ընկերոջ, դաստիարակին, մտաւորականին, մշակոյթի եւ հասարակական գործիչին հետ:  Պէպօ Սիմոնեան անձը թէեւ ֆիզիքապէս հեռացած է մեզմէ, բայց իր թողած յիշատակներն ու մանաւանդ բեղուն վաստակը մեզի հետ են ու կը մնան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment