Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ջրահեղձ Եղած են Հայաստանի Բանակի Երկու Զինծառայողներ

Ջրահեղձ Եղած են Հայաստանի Բանակի Երկու Զինծառայողներ

by MassisPost

8 Մայիսի առաւօտեան ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ դժբախտ պատահար տեղի ունեցած է: Ըստ նախնական տուեալներու, ճանապարհափոխադրամիջոցի պատահարի հետեւանքով, զօրամասին յարակից ջրամբարին մէջ ջրահեղձ եղած են ՊԲ զինծառայողներ Ռուբէն Մնացականի Բարսեղեանը (1998-ի ծնունդ),  Ռաֆայէլ Արթուրի Բիշարեանը (1997-ի ծնունդ) եւ  Ռուբէն Յովհաննէսի Մնացականեանը (1998-ի ծնունդ): Որոնողական աշխատանքներու արդիւնքով յայտնաբերուած են Ռուբէն Բարսեղեանի եւ Ռաֆայէլ Բիշարեանի մարմինները: Ռուբէն Մնացականեանի ճակատագիրը պարզելու համար որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

ԱՀ ՊՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment