Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ժողովրդագրական Աղէտի Նախանշանները Երթալով Աւելի Ցայտուն կը Դառնան

Ժողովրդագրական Աղէտի Նախանշանները Երթալով Աւելի Ցայտուն կը Դառնան

by MassisPost

Այս տարուայ առաջին երեք ամիսներուն Հայաստանի մէջ արձանագրուած ժողովրդագրական հիմնական ցուցանիշները ուղղակի սահմռկեցուցիչ են: Անոնք ուղղակիօրէն կը շօշափեն մեր երկրի հեռանկարի եւ անվտանգութեան հարցերը:

ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած այս տարուայ առաջին եռամսեակի հիմնական ընկերային- տնտեսական ցուցանիշների` ժողովրդագրութեան վերաբերող պաշտօնական տուեալներով, Հայաստանի մէջ ծնունդներու թիւը անցած տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ կտրուկ նուազած է (գծ.1): Եթէ անցած տարուայ առաջին եռամսեակի ընթացքին Հայաստանի մէջ ծնած էր 9 հազար 125 երեխայ, ապա այս տարի՝ ընդամէնը 8 հազար 534: 2011 թուականի առաջին երեք ամիսներուն ծնածներու թիւը կ’անցնէր 10 հազարը: Փաստօրէն ծնունդներու թիւը այս 7 տարիներու ընթացքին նուազած է մօտ 16 տոկոսով:

Նոյնքան կտրուկ աճած է մահերու թիւը (գծ. 2): Անցած տարի առաջին եռամսեակի ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 8 հազար 37 մահ: Վերջին 7 տարիներուն աւելի շատ մահեր արձանագրուած են 2014 թուականին:

Զուտ ժողովրդագրական տեսանկիւնէ ամենակարեւոր ցուցանիշը թերեւս բնական յաւելաճն է` ծնածներու եւ մահացածներու թիւրերու տարբերութիւնը (գծ. 3): Ահա  այս ցուցանիշն է, որ ամենասարսափելին է: Ծնածներու եւ մահացածներու թիւերու տարբերութիւնը այս տարուան առաջին եռամսեակին մէջ եղած է 497: Այս մօտ երեք անգամ քիչ է անցած տարուայ ցուցանիշէն: Դժուար է գտնել բնական յաւելաճի ընթացքի՝ մէկ տարուայ ընթացքին արձանագրուած նման կտրուկ անկում անցած  20-25 տարիներուն:  Իսկ ամենասարսափելին այն է, որ, ինչպէս պարզ կ’երեւի գծապատկեր 3-ին մէջ, բնական յաւելաճի ընթացքի անկումը կ’արձանագրուի արդէն 5-րդ տարին անընդմէջ:

Այսպիսի կայուն միտումը ցոյց կու տայ, որ գործ ունինք ոչ թէ կարճաժամկէտ  երեւոյթի հետ, որ ինչ-որ գործօններու ազդեցութեան տակ կրնայ յաջորդ տարի փոխուիլ, այլ արմատական բնոյթի գործընթացի: Ըսուածի ապացոյցն է մէկ այլ ցուցանիշ` ամուսնութիւններու թիւի փոփոխութիւնը (գծ. 4): Այս տարուայ առաջին եռամսեակին ընթացքին արձանագրուած է 3 հազար 544 ամուսնութիւն այն պարագային, երբ, օրինակ, 4 տարի առաջ այդ թիւը 4 հազար 744 էր:

Այս աղէտալի միտումները հնարաւորինս արագ կանխելու միակ տարբերակը զանգուածային ներգաղթն է, որն ալ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ միայն տնտեսութեան մէջ արագ եւ արմատական բարեփոխումներով: Սակայն քաղաքական գործընթացները ցոյց կու տան, որ նման փոփոխութիւններու հեռանկարները գոնէ առայժմ կը բացակային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment