Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մայր Աթոռը Հնգեակին Լոյս Աշխարհ Բերած Կարապետեան Ընտանիքին 4-Սենեականոց Բնակարան Պիտի Նուիրէ

Մայր Աթոռը Հնգեակին Լոյս Աշխարհ Բերած Կարապետեան Ընտանիքին 4-Սենեականոց Բնակարան Պիտի Նուիրէ

by MassisPost

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Մայիս 3-ին հնգեակին լոյս աշխարհ բերած Կարապետեան ընտանիքին պիտի ընծայէ 4-սենեականոց բնակարան: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մամլոյ խօսնակ Վահրամ քահանայ Մելիքեան:

«Հայոց Եկեղեցին միշտ ուշադրութիւն կը դարձնէ բազմազաւակ ընտանիքներու խնդիրներուն` ջանալով հոգեւոր խնամքէն բացի կարելիութեան չափ նաեւ նիւթապէս սատարել անոնց: Տեղեկանալով մեր ժողովուրդին հինգ զաւակներ պարգեւած ընտանիքի բնակութեան պայմաններուն մասին` Հայոց Հայրապետը որոշում կայացուց աջակցութիւն ցուցաբերելու անոնց եւ նպաստելու փոքրիկներու խաղաղ ու անվրդով մանկութեան»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 3-ին Էրեբունի բժշկական կեդրոնին մէջ լոյս աշխարհ եկած է հնգեակ` 4 աղջիկ, 1 տղայ:  Հինգ երեխաներու հայրիկը՝ Վարդան Կարապետեանը պատմած էր, որ իրենց բնակավայր՝ Մեծամորի մէջ, նոյնպէս ցնցուած են հնգեակի լոյս աշխարհ գալու լուրէն:

Կարապետեաններու ընտանիքը կ’ապրի վարձով, իսկ նախապէս ապրած է հանրակացարանի մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment