Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թաներ Աքչամի Հրապարակած Նոր Փաստաթուղթը «Հայերը Իրենց Տուները Թաքցնողները Կախաղան Պիտի Հանուին»

Թաներ Աքչամի Հրապարակած Նոր Փաստաթուղթը «Հայերը Իրենց Տուները Թաքցնողները Կախաղան Պիտի Հանուին»

by MassisPost

Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր աղմկայարոյց արխիւային փաստաթուղթ մը բացայայտած է, որ հրապարակուած է Պոլսոյ «Ակօս» թերթին մէջ:

Թաներ Աքչամի ներկայացուցած արխիւային փաստաթուղթը գրուած է թրքական բանակի հրամանատարներէն Մահմուդ Քեամիլ փաշայի կողմէ եւ կը կրէ երկրի ներքին գործոց նախարարութեան կնիքը:

1915-ի Յուլիս 24-ին գրուած հեռագիրը քննուած է 1919-1921-ին «Իթթիհադ վէ թերաքի»-ի պարագլուխներուն` Պոլսոյ մէջ կայացած դատավարութիւններու ընթացքին: Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան կոտորածներուն վերաբերեալ գործի մեղադրական գործի թղթապանակներուն մէջ տեղ գտած հեռագիրով Մահմուտ Քեամիլ փաշան զգուշացում մը կը յղէ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, որ իրենց տուներուն մէջ հայեր թաքցնող մահմետականները նոյնպէս պիտի պատժուին:

Հայերուն օգնող մահմետականներուն իրենց տան դիմաց կախաղանով սպառնացող Մահմուտ փաշան կը պահանջէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն իրավիճակը պահել ուշադրութեան կեդրոնին:

Հեռագրին ամբողջական թարգմանութիւնը «Թերթ․ամ»-ը կը ներկայացնէ ստորեւ.

«Մենք պարզած ենք, որ որոշ գիւղերու եւ աւաններու մէջ մահմետականները կը թաքցնեն հայերը: Կառավարութեան որոշումներուն դէմ երթալով հայերը իրենց տուներուն մէջ պահողներուն տուները պէտք է աւերել, իսկ իրենց կախաղան բարձրացնել նոյն իրենց տան դիմաց: Կատարեցէք կարգադրութիւնները, եւ տեղահանութեան դատապարտուած գէթ մէկ հայ տեղը չմնալու խնդիրը կատարելուն պէս տեղեկացուցէք մեզ: Կրօնափոխուելով մահմետականացած հայերը նոյնպէս պէտք է տեղահանուին: Եթէ զանոնք պատսպարողները զինուած ուժերու ներկայացուցիչներ են` զինուորական ծառայութեան հետ անոնց կապերը պիտի խզուին, իսկ եթէ ղեկավար պաշտօնի զինուորականներ են` պիտի զրկուին պաշտօնէ եւ պիտի կանգնին ռազմական դատարանի առջեւ»:

Օսմաներէնով գրուած հեռագիրը տառադարձուած եղած է նաեւ հայատառ թրքերէնով:

Մահմուտ փաշան թեմային վերաբերեալ հեռագիր մը յղած է արդէն աւելի ուշ` նոյն թուականի Օգոստոս 1-ին եւ որոշակի յաւելումներ կատարել նախորդ հրամանին վերաբերեալ:

Երկրորդ հեռագրին մէջ հրամանատարը կ՛ ընդգծէ, որ կարգադրութիւնը պէտք չէ վերաբերի պետութեան անմիջական հսկողութեամբ մահմետական ընտանիքներուն բաժնուած հայ կանանց եւ որբերուն իրենց տուները պահողներուն: Նամակին վերջաւորութեան Մահմուտ Քեամիլ կրկին կ՛աւելցնէ. «Որ կրօնէ կամ ազգութենէն ալ ըլլան` հայերը թաքցնողները պէտք է մահապատժի արժանանան»:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ պատմաբան Թաներ Աքչամ եւս մէկ կարեւոր փաստաթուղթ հրապարակած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ «Իթթիհադ վէ թերաքի»-ի անդամներուն վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ:

1915-ի Յուլիս 4-ին յղուած է Էլեազըղի (Խարբերդ) նահանգապետ Սաբիթ պէյին` «Իթթիհադ վէ թերաքի»-ի Էլեազըղի ներկայացուցիչ Նազըմ պէյին փոխանցելու խնդրանքով: Հեռագրին մէջ հարցում յղուած էր տարածքէն տեղահանուող հայերուն մասին:

«Այդ վնասակար տարրերը միայն կը տեղահանուի՞ն, թէ՞ նաեւ կ՛ոչնչացուին, կը խնդրենք բացայայտօրէն տեղեկացուցէք մեզ, եղբայր», – կ՛ըսուի երիտթուրք պաշտօնեաներէն Պահաեթթին Շաքիրի կողմէ գրուած նամակին մէջ:

Taner-2

Taner-3

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment