Home ՍՓԻՒՌՔ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նոր Նախագահը կը Ստանձնէ իր Պաշտօնը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նոր Նախագահը կը Ստանձնէ իր Պաշտօնը

by MassisPost

Isabel Mota- photo copyright João Paulo Dias3 Մայիս 2017-ին Իզապէլ Մոթա իր նոր պաշտօնը ստանձնեց իբրեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար, յաջորդելով Արթուր Սանթոս Սիլվային, որ այդ պաշտօնը վարած էր 2012-2017 ժամանակաշրջանին։ Տիկին Իզապէլ Մոթա՝ հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմնի անդամ է 1999-էն ի վեր. նախագահ ընտրուեցաւ միաձայնութեամբ անցեալ 7 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած լիագումար ժողովին։

Մոթա ծնած է Լիզպոն, 1951 ին, եւ Լիզպոնի համալսարանի շրջանաւարտ է՝ տնտեսագէտ իմասնագիտութեամբ։ 1973-էն ի վեր աշխատանքային ընդարձակ փորձառութիւն ունեցած է՝ պետական, համալսարանական եւ այլ կալուածներու մէջ ղեկավար դիրքեր վարելով։ Անոնց շարքին պէտք է յիշել, թէ 1978-1986-ին Ելեւմտից նախարարութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ընդհանուր փոխտնօրէն եղած է, իսկ 1987-1995-ին՝ Շրջանային Ծրագրաւորման եւ Զարգացման պետակա նքարտուղար, պատասխանատու ըլլալով Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու ի նպաստՓորթուկալի զարգացման ծրագիրներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment