Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման կայացման փաստը արդէն կարեւոր է. այս մասին Մայիս 2-ին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագահ Ռիչարտ Կիրակոսեանը՝ անդրադառնալով 28 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կայացած Նալպանտեան-Մամետեարով հանդիպման։ «Բայց ես զայրացած եմ, որ Հայաստանն ու Արցախը խաղաղութեան գործընկերներ չունեն: Հայաստանը դիւանագիտական առումով ունի գործընկեր, բայց ոչ՝ ռազմական առումով: Իսկ Ատրպէյճանն ամէն դէպքում ունի ռազմավարութիւն, որը ո՛չ դիւանագիտական է, ո՛չ էլ ռազմական: Ատրպէյճանի մօտեցումը մաքսիմալիսթական է, նրանք ուզում են ամէն ինչ կամ ոչինչ»։
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը անընդհատ կը մեծցնէ բախումներու զարգացման վտանգը:
Անդրադառնալով 28 Ապրիլէն առաջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի դիտարկման, թէ եկած է խօսքէն գործի անցնելու ժամանակը, Կիրակոսեան ըսած է. «Դա աւելի շատ ռուսական դիւանագիտութեան արտացոլումն է, քան Ատրպէյճանի կողմից դիւանագիտութեան որեւէ առաջընթացի: Կարեւոր է, որ ի տարբերութիւն Ուքրանիայի, Խրիմի, Ռուսաստանն այս հիմնախնդրի պարագայում աւելի շատ է համագործակցում Արեւմուտքի հետ»: