Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Մամուլի Ազատութիւնը «Նկատելիօրէն Խնդրայարոյց» է

Հայաստանի Մէջ Մամուլի Ազատութիւնը «Նկատելիօրէն Խնդրայարոյց» է

by MassisPost

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է մամուլի ազատութեան վերաբերեալ իր ամէնամեայ զեկոյցը: Հայաստանը եւ Վրաստանը տեղ գտած են «նարնջագոյն» երկիրներու շարքին, ուր մամուլի ազատութիւնը բնութագրուած է որպէս «նկատելիօրէն խնդրայարոյց»:

Ռուսաստանի եւ Պելառուսիոյ մէջ կազմակերպութիւնը մամուլի ազատութեան վիճակը գնահատած է որպէս վատ:

Այս տարուայ զեկոյցին մէջ նշուած է, որ մամուլի ազատութիւնը խոչընդոտելը այլեւս միայն մենատիրական կամ բռնատիրական ռեժիմներուն յատուկ չէ: Մամուլի ազատութեան ցուցիչով յետընթաց ապրած են նոյնիսկ սքանտինաւեան երկիրները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment