Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Ուղերձ Յղած է Թուրքիոյ Հայ Համայնքին՝ 24 Ապրիլի Կապակցութեամբ

Էրտողան Ուղերձ Յղած է Թուրքիոյ Հայ Համայնքին՝ 24 Ապրիլի Կապակցութեամբ

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 24 Ապրիլի  կապակցութեամբ ուղերձ  յղած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքը։

Ողջոյն յղելով Աթէշեանին եւ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն՝ Էրտողանը նշած է․ «Այս տարի եւս յարգանքով կը յիշենք 1-ին համաշխարհային պատերազմի դժուարին պայմաններուն կեանքը զոհած օսմանցի հայերուն եւ կը ցաւակցինք անոնց ժառանգներուն»։

Էրտողան նշած է, որ հայերը եւ թուրքերը, որպէս տարածաշրջանի 2 հին ժողովուրդներ, 1000 տարի ապրած են կողք կողքի եւ ուս ուսի՝ կիսելով նոյն պատմութիւնն ու մշակոյթը։

Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ  Թուրքիոյ զարգացման գործին մէջ հայերու ունեցած աւանդին․

«Հայ համայնքը, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան, այնպէս ալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան գրեթէ 100-ամեայ պատմութեան ընթացքին արժանի զաւակներ դաստիարակելով, մեծ ներդրում ունեցած է մեր երկրի զարգացման գործին մէջ։

Ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս, հայերը, որպէս մեր երկրի հաւասար եւ ազատ քաղաքացիներ, ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրատնտեսական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ կարեւոր դերակատարում ունին»։

Էրտողանի խօսքով՝ իրենց նպատակն է, որ  դարեր շարունակ իրար ուրախութիւնն ու տխրութիւն կիսած երկու ժողովուրդները դարմանեն իրենց անցեալի վէրքերը եւ աւելի զօրացնեն մարդասիրական կապերը։ Ըստ էրտողանի՝ այդ ուղղութեամբ վերջին 14 տարուան ընթացքին քայլեր առնուած են եւ իրականացուած են շարք մը պատմական կարեւորութիւն ունեցող բարեփոխումներ։

Էրտողանը փորձած է վստահեցնել որ օսմանցի հայերու յիշատակին եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելուն միտուած աշխատանքները պիտի շարունակուին ապագային եւս։

«Մեր երկրին մէջ հայ համայնքի խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ երջանկութիւնը մեզի համար առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի։ Մենք չենք հանդուրժեր մեր հայ քաղաքացիներէն որեւէ մէկուն օտարացումը, մեկուսացումը կամ խորթ քաղաքացի ըլլալու զգացողութիւնը։

Կը մաղթեմ, որ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները կարճ ժամանակի ընթացքին աւարտին հասցուին: Յաջողութիւն կը մաղթեն ձեր աշխատանքներուն։

Եւ ահա կրկին կը յիշեմ 20-րդ դարասկիզբին իրենց կեանքը զոհած օսմանցի հայերը։ Ալլահին կը խնդրեմ, որ խաղաղութիւն պարգեւէ 1-ին համաշխարհային պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ մահացած միլիոնաւոր օսմանեան քաղաքացիներու հոգիներուն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment