Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Նախագահ Տոնալտ Թրամբ Հանդէս Եկած է «Մեծ Եղեռնի» Յայտարարութեամբ

ԱՄՆ Նախագահ Տոնալտ Թրամբ Հանդէս Եկած է «Մեծ Եղեռնի» Յայտարարութեամբ

by MassisPost

«Այսօր մենք կը յիշենք եւ կ’ոգեկոչենք 20-րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկը՝ Մեծ Եղեռնի տառապանքներու բովով անցածները: 1915 թուականէն ի վեր՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու ընթացքին, մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններուն, կոտորածներուն ու մահուան երթերուն: Ես կը միանամ Ամերիկայի հայկական համայնքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ սգալու կորսուած մարդկային անմեղ կեանքերու եւ կրած բազում տառապանքներու վիշտը»,-  նշած է նախագահ Թրամբ:

Շարունակելով ան նշած է. «Մտորելով մարդկային պատմութեան այս մռայլ դրուագին շուրջ՝ մենք նաեւ արժանին կը մատուցենք հայ ժողովուրդի աննկուն ոգիին: Շատեր նոր կեանք կերտեցին Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ իրենց անջնջելի ներդրումն ունեցան մեր երկրին մէջ՝ իրենց սրտին մէջ վառ պահելով յիշողութիւնները պատմական հայրենիքին մասին, ուր անոնց նախնիները կերտած էին հնագոյն հզօր քաղաքակրթութիւններէն մէկը:

Մենք պէտք է յիշենք վայրագութիւնները, որպէսզի թոյլ չտանք անոնց կրկնութիւնը: Մենք կ’ողջունենք ցաւալի անցեալի փաստերն ընդունելու ու անոնց հետ հաշուի նստելու ջանքերը, որ կը ձեռնարկուին հայերու ու թուրքերու կողմէ՝ որպէս առաւել արդարացի ու հանդուրժողական ապագայի համար հիմքեր նախապատրաստելու յոյժ կարեւոր քայլ», – եզրակացուցած է Թրամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment