Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Էրտողան ԵԱՀԿ Դիտորդներուն Ահաբեկիչներ Անուանած է

Էրտողան ԵԱՀԿ Դիտորդներուն Ահաբեկիչներ Անուանած է

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեղադրած է սահմանադրական հանրաքուէն դիտարկելու եկած ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամները՝ ահաբեկիչներ ըլլալու մէջ:  Այս մասին գրած է թրքական «T 24» լրատուական գործակալութիւնը:

Ան յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ը հանրաքուէին հետեւելու նպատակով անկողմնակալ դիտորդներ ուղարկելու փոխարէն ահաբեկչական խմբաւորման անդամներ ուղարկած է: Ցոյց տալով դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ գտնուող անդամներէն մէկուն լուսանկարը, ուր վերջինս Քրտական բանուորական կուսակցութեան (PKK) դրօշը բռնած է` Էրտողան ըսած է. «Ինչպէս կրնայ է PKK-ի դրօշ բռնած անձը անկողմնակալ ըլլալ: Այս մարդը այստեղ զեկոյց կը պատրաստէ որպէս ահաբեկիչ մը: Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ անոր զեկոյցը»:

Թուրքիոյ Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովը մերժած է սահմանադրական հանրաքուէն չեղեալ համարելու վերաբերեալ ընդդիմութեան ներկայացուցած դիմումը: «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ, յանձնաժողովի 10 անդամներէն 9-ը վերոնշեալ դիմումին դէմ քուէարկած են :

Նախօրէին ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական, ապա նաեւ Ժողովուրդներու դեմոկրատական եւ «Ուաթան» կուսակցութիւնները դիմած էին Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովին` յայտարարելով, թէ չեն ճանչնար հանրաքուէի արդիւնքները եւ կը պահանջեն կրկնել այն: «Ոչ»-ի կողմնակիցները պնդած են, թէ հանրաքուէի ընթացքին անօրինականութիւններ տեղի ունեցած են, որոնք ապահոված են «այո»-ի յաղթանակը: Ընդդիմութեան գլխաւոր դժգոհութիւնը Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովի` առանց կնիքի քուէաթերթիկները վաւեր համարելու մասին որոշումն է: Յանձնաժողովը, սակայն, այդ որոշումը օրինական համարած է:

Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Պիւլէնթ Թեզճան յայտարարած է, որ Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովի որոշումը պիտի բողոքարկեն Սահմանադրական դատարանին եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մօտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment