Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՍԴ Նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան Վաղուց ի Վեր Դարձած է Օրուայ Իշխանութեան Սպասարկուն

ՍԴ Նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան Վաղուց ի Վեր Դարձած է Օրուայ Իշխանութեան Սպասարկուն

by MassisPost

«Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքը երէկ դիմած է Սահմանադրական դատարան` պահանջելով չեղարկել 2 Ապրիլին կայացած ԱԺ ընտրութիւններու արդիւնքները: Որպէս ընտրութիւնները անվաւեր յայտարարելու հիմնաւորում դաշինքի իրաւաբանները ներկայացուցած են ազատ կամքի արտայայտութեան սահմանափակումները, քուէարկութեան գաղտնիութեան խախտումները, վարչական միջոցի չարաշահման դէպքերը եւ այլն:

Իսկ որ նման երեւոյթներն ԱԺ այս ընտրութիւններուն համատարած էին, յայտնի է բոլորին. բաւական է միայն նշել, որ ընտրախախտումներու վերաբերեալ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մօտ յարուցուած քրէական գործերու շարքին էին այնպիսիք, որոնք յարցուած էին քուէարկութեան գաղտնիութիւնը խախտելու համար: Բացի այդ՝ այս դէպքերուն նաեւ ընտրակաշառքի բաժանման իրենց զեկոյցներուն ու յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձած են միջազգային դիտորդական առաքելութիւններն ու ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպանատուները:

Պէտք է նաեւ արձանագրել, որ ՀՀ ՍԴ-ի համար վաղուց ի վեր կարեւոր չեն, թէ ընտրութիւններու արդիւնքները բողոքարկելու ժամանակ ի՞նչ փաստեր կը ներկայացուին: ՍԴ-ն, միեւնոյնն է, պիտի մերժէ նաեւ այս դիմումը, անկախ ընտրախախտումներու բովանդակութենէն ու ծաւալներէն, ինչպէս մերժած է նախորդները: Չէ՞ որ Գագիկ Յարութիւնեանի ղեկավարած կառոյցը վաղուց ի վեր դարձած է օրուայ իշխանութեան սպասարկուն եւ կեղծուած ընտրութիւնները «վաւերացնողը». Գագիկ Յարութիւնեան այդպէս վարուած է ե՛ւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, ե՛ւ Ռոպերթ Քոչարեանի, ե՛ւ հիմա Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրօք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment