Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանի Մէջ Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ Կ’ընթանան

Ատրպէյճանի Մէջ Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ Կ’ընթանան

by MassisPost

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին 30 հազար զինծառայող, 250 թանկ եւ զրահամեքենայ, հրթիռա-հրետանային 200 համակարգ, մարտական 25 ինքնաթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր: Կիրակի օրը մեկնարկած զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին հինգ օր եւ աւարտին 21 ապրիլին:

Զօրավարժութիւնները կ’իրականացուին բարդ   պայմաններու մէջ մարտ մղելու սցենարով: Հրթիռային եւ հրետանային համակարգերը դուրս  բերուած են կրակային դիրքեր, ստեղծուած են գրոհային խումբեր, վերատեղակայուած են ստորաբաժանումներն ու հրմանատարային կէտերը:

Երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ լայնածաւալ զօրավարժութիւններու նպատակն է՝ ստուգել զօրքերու մարտական պատրաստուածութիւնը, կազմակերպել զինուած ուժերու կառավարումն ու փոխգործակցութիւնը՝ գործողութիւնները մօտեցնելով մարտական իրավիճակի պայմաններուն:

Ռուսական «Russia Today» հեռուստաընկերութիւնը օրերս հաղորդում հեռարձակած է ատրպէյճանական բանակի մասին, նշելով որ Ատրպէյճանի բանակը տարածաշրջանին մէջ «ամենահարուստն է»: 90-ականներու համեմատ, Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն 20 անգամ մեծցած է: 2003 թուականին Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն 160 միլիոն տոլար էր, իսկ տաս տարի անց, 2013 թուականին, արդէն 3 միլիառ 700 միլիոն տոլար:

Աշխարհի երկիրներու զինուած ուժերու ուսումնասիրութեամբ զբաղուող «Global Firepower» կայքի 2016 թուականի զեկոյցին մէջ աշխարհի 126 երկիրներու շարքին Ատրպէյճանը 60-րդ տեղը կը գրաւէ, 34 կէտով ետ թողելով Հայաստանը: Հայաստանը իր բանակի հզօրութեան ցուցանիշով այդ զեկոյցին մէջ զբաղեցուցած է 94-րդ հորիզոնականը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment