Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ի Աջակցութեամբ Դպրոցներու Տնօրէնները Դատ Բացած են «Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորման» Դէմ

ՀՀԿ-ի Աջակցութեամբ Դպրոցներու Տնօրէնները Դատ Բացած են «Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորման» Դէմ

by MassisPost

ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին յայտարարած է, որ իրենց կուսակցութիւնը կ’աջակցի  Դանիէլ Իոաննիսեանին եւ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» կազմակերպութեան դատի տուած 30 տնօրէններու նախաձեռնութեան:

 Դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու 30 տնօրէններ պահանջած են, որ դատարանը պարտաւորեցնէ Դանիէլ Իոաննիսեանին հրապարակայնօրէն հերքած զրպարտութիւն համարուող փաստացի տուեալները: Անոնք նաեւ փոխհատուցում պահանջած են՝ 2-ական միլիոն դրամ:

Ընդհանուր առմամբ 60 միլիոն դրամի եւ ներողութիւն հայցելու պահանջը Դանիէլ Իոաննիսեանը Հանրապետականի կողմէ կազմակերպուած ճնշում եւ խօսքի ազատութիւնը սահմանփակելու փորձ որակած է․ – «Հանրապետական կուսակցութեան վերնախաւի որոշ ներկայացուցիչներ մեր յայտնի հրապարակումից յետոյ սրա նման մի բան խոստանում էին, կամ գոնէ ակնարկում էին, որ սենց բան անելու են: Եւ, ոնց հասկանում եմ, բոլորը կամ համարեայ բոլորը միեւնոյն փաստաբանական գրասենեակի ծառայութիւններից են օգտւում, հայցերը միանման են․․․ Այսինքն սա կազմակերպուած ակցիա է»:

Ընտրութիւններէն առաջ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» կազմակերպութիւնը յայտարարած էր, որ հարիւրէ աւելի դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու տնօրէններ խոստովանած են, որ ՀՀԿ-ի համար ընտրողներու ցուցակներ կազմած եւ յանձնած են մարզպետարան, թաղապետարան կամ ընտրական շտաբ: Կազմակերպութիւնը ներկայացուցած էր տնօրէններու հետ զրոյցներու ձայնագրութիւնները։

Դատարան դիմած տնօրէնները երէկ «Ազատութեան» հետ զրոյցին հրաժարած են ըսել, թէ ինչը զրպարտութիւն կը համարեն, խորհուրդ տալով փաստաբանի հետ զրուցել: Անոնցմէ մէկը ըսած է, թէ փաստաբանի տուեալները լրագրողները կրնան ճշդել Երեւանի քաղաքապետարանէն: Քաղաքապետարանը, սակայն, պնդած է, որ իրենք այս գործի հետ կապ չունին։

Բոլոր 30 տնօրէնները նոյն փաստաբանական ընկերութեան դիմած են, անոնց փաստաբան Յարութիւն Յարութիւնեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած է, որ իրենց դիմած են, քանի որ քանի մը տնօրէններու հետ  անձամբ ծանօթ են․ – «Յետագայում այլ տնօրէններ եւս, իրենց հետ կապեր ունենալով, քննարկելով որոշեցին մեր ընկերութեանը դիմել: Ուղղորդել, բան, նմանատիպ իրավիճակ միանշանակ չկայ»:

Փաստաբանի խօսքով, տնօրէններու հայցը անհատական է․ անոնք կը պնդեն, որ իրենց զրպարտած են, քանի որ հրապարակուած ձայնագրութիւնները յօդուածին  կցուած եղած են, ուր կ’ըսուի է, թէ Հանրապետական կուսակցութիւնը կը չարաշահէ վարչական միջոցը:

«Իսկ յօդուածի բովանդակութիւնից ակնյայտ է, որ չարաշահումը, ինչպէս մանկապարտէզի, դպրոցի տնօրէնների միջոցով, այնպէս նաեւ աշխատակիցների: Հիմա ինձ դիմած վստահորդները միանշանակ պնդում են, որ իրենց կողմից վարչական ռեսուրս չի չարաշահուել», – փոխանցած է Յարութիւնեանը:

Փաստաբանը պնդած է, թէ տնօրէնները աշխատանքէն ետք զբաղուած են կուսակցական աշխատանքով, ինչը օրէնքով արգիլուած չէ: Դիտարկման, որ Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորումը նաեւ հեռախօսային վերծանումներ հրապարակած է, որոնք կը վկայեն, որ զանգերը կատարուած են աշխատանքային ժամերուն, Յարութիւնեան արձագանգած է․ – «Ցանկին ծանօթ եմ։ Այդ մասով դեռեւս մեկնաբանութիւն չեմ ուզում տալ»:

Ան ըսած է, որ տնօրէնները նաեւ դրամական փոխհատուցում պահանջած են, քանի մանկավարժները իւրայատուկ դեր կը զբաղեցնեն հասարակութեան մէջ, եւ անոնց անունները շօշափող յօդուածները աւելի մեծ արձագանգ կը ստանան։

Դանիէլ Իոաննիսեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին հակադարձած է, թէ իրենք տնօրէններուն չեն զրպարտած, պարզապէս ձայնագրութիւններն հրապարակած են:

Իսկ յօդուածը, ուր կ’ըսուի, որ Հանրապետականը կը չարաշահէ վարչական միջոցը՝ կը վերաբերի իշխող կուսակցութեան, ոչ թէ տնօրէններուն․ – «Թող Հանրապետական կուսակցութիւնը մեզ դատի տայ, ասի՝ վարչական միջոցներ չենք չարաշահել: Այս դէպքում արդէն քննարկելու բան կը լինի: Թէ չէ տնօրէնների մասով մենք իրանց ոչ ասել ենք, որ իրենք վարչական միջոցներ են չարաշահել, ոչ․․․ Ամբողջականութեանն ենք մենք գնահատական տուել»:

Ի դէպ, 114 տնօրէններու ձայնագրութիւններով զբաղուած են նաեւ իրաւապահները: Գլխաւոր դատախազութիւնը միայն մէկ ձայնագրութեան մասով ընթացք տուած էր, եւ այդ գործը Քննչական կոմիտէի մօտ է, նախաքննութեան փուլի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment