Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընտրազանգուածը Կաշառելը կը Վնասէ Հայաստանի Վարկանիշին. Եւրոմիութեան Պատուիրակութեան Ղեկավար

Ընտրազանգուածը Կաշառելը կը Վնասէ Հայաստանի Վարկանիշին. Եւրոմիութեան Պատուիրակութեան Ղեկավար

by MassisPost

Ընտրողները կաշառելն ու առաւել լայն ընտրական կաշառակերութիւնը ստուերի տակ կը թողէն Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընդհանուր պատկերը։ Այդ երեւոյթը կը վնասէ Հայաստանին ու երկրի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու զարգացման։ Այս մասին 11 ապրիլին Գիւմրիի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար Փիթըր Սվիթալսքին։

«Այո՛, Հայաստանը խնդիր ունի, բայց ես ապագային լաւատեսօրէն կը նայիմ։ Ես իմ ամբողջ ժամանակը կը ծախսեմ վերլուծելով այն, թէ ինչպիսի գործնական մեթոտներ կարելի է ձեռնարկել՝ ապագային քաղաքական կաշառակերութեան նման գործերը կանխելու համար։ Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի քաղաքական գործիչները պէտք է լուրջ քննարկումներ սկսին այն բանի շուրջ, թէ ինչպիսի օրինական կամ վարչական միջոցներ կրնան ձեռնարկուիլ՝ ձայները գնելն ու վարչական միջոցի օգտագործումը կանխելու համար»,- ըսած է ան։

Նշելով, որ ԵՄ դիտորդները արդէն տուած են իրենց գնահատականը ընտրութիւններու վերաբերեալ՝ Սվիթալսքին շնորհակալութիւն յայտնած է հայ գործընկերներուն՝ Եւրոմիութեան ֆինանսաւորուած նախագիծը ներդնելու համար։ Ներդրուած նորարարութիւններու շնորհիւ՝ հայ ընտրողները կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց ձայները հնարաւոր չէ գողնալ։ Իհարկէ, թեխնիկայի հետ ինչ-ինչ խնդիրներ եղած են, եւ ամէն ինչ պէտք եղածին պէս չէր աշխատեր։ Սակայն դիւանագէտի խօսքով՝ նման նախագիծը դեռ երբեք չէր ներդրուած այդքան կարճ ժամանակահատուածի մէջ։ Ի դէպ, Հայաստանի մէջ այն աւելի լաւ գործած է, քան ԵՄ-ի մէջ կրնային սպասել եւ նոյնիսկ աւելի լաւ, քան այլ երկիրներու մէջ, ուր այն ներդրուած էր։

Ինչպէս նշած է Փիթըր Սվիթալսքին՝ ընտրութիւններու ժամանակ ընտրողներուն կաշառելու, ճնշում գործադրելու եւ վարչական միջոցներու չարաշահման վերաբերեալ հաղորդումներ ստացած են։ Բայց դեսպանը յոյս յայտնած է, որ այդ բոլոր խնդիրներով պիտի զբաղուին, եւ ապագային Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները կ’ըլլան ազնիւ ու թափանցիկ։ Այժմ, անոր խօսքով, կը  վերլուծեն ձեռքի տակ եղած բոլոր տուեալները եւ աւելի ուշ պիտի ներկայացնեն իրենց վերջնական եզրակացութիւնները։

«Ժողովրդավարութիւնը գործընթաց է, մշտական շարժում եւ 2 ապրիլին կարեւոր քայլ առնուած է, այդ գործընթացը պիտի շարունակուի, այն անդառնալի է»,- ըսած է ան։

ԵՄ դեսպանը յատկապէս նշած է երիտասարդութեան աշխուժութիւնը ընտրութիւններու ժամանակ եւ շնորհակալութիւն յայտնած քաղաքացիական հասարակութեան, որ դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment