Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ի 1.5 միլիոն եւրօ դրամաշնորհային ծրագիրը Հայաստանին

ԵՄ-ի 1.5 միլիոն եւրօ դրամաշնորհային ծրագիրը Հայաստանին

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սվիթալսքին յայտարարած է դրամաշնորհային նոր ծրագրի մեկնարկը, որուն յատկացուող պիւտճէն կը կազմէ 1.5 միլիոն եւրօ: Այն միտուած է երկրի մէջ քաղհասարակութեան հզօրացման, ինչպէս նաեւ քաղհասարակութեան կազմակերպութիւններուն այլընտրանքային աղբիւրներով ապահովելուն:

ԵՄ պատուիրակութիւնը նախաձեռնած է երկու դրամաշնորհային ծրագիր, որոնցմէ մէկը վերոնշեալ ծրագիրն է: Երկու ծրագիրներուն միասին յատկացուելիք գումարը 4 միլիոն 400 հազար եւրօ է:

Փիթըր Սվիթալսքին մեծ յոյսեր ունի, որ ծրագիրը հետաքրքրութիւն կ’առաջացնէ քաղհասարակութեան զարգացման ուղղութեամբ աշխատող հասարակական կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս:

«Նախեւառաջ, մենք կ’ուզենք քաղհասարակութեան կարողութիւնները ամրապնդել եւ ամրագրել այն պարտաւորութիւնները, որոնք առկայ են ԵՄ- Հայաստան համագործակցութեան օրակարգին մէջ:  Կ’ուզենք իրականացնել Հայաստանի մէջ մեր ծրագիրներու հսկողութիւն, մշտադիտարկում, մասնաւորապէս, խօսքը կը վերաբերի պիւտճէթային աջակցութեան ծրագիրներուն: Կ’ուզենք նաեւ, որ քաղհասարակութեան հետ համագործակցութիւնը յանգեցնէ այն իրավիճակին, ուր տրամադրուող գումարները ճիշդ  եւ արդիւնաւէտ ճանապարհով կը ծախսուին, Հայաստանի բնակչութիւնը լիարժէք կը պատկերացնէ, թէ ինչպէս կը ծախսուին անոնք»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ան:

Փիթըր Սվիթալսքին նշած է, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութիւնը ջանքեր պիտի գործադրէ տարբեր ոլորտներու զարգացման ուղղութեամբ: «Մեր նպատակն է առաջ բերել յստակ ծրագիրներ, հանրային տարբեր նախաձեռնութիւններ՝ ուղղուած ինչպէս առողջութեան, առողջ ապրելակերպի, հասարակական փոխադրամիջոցի, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ այլ ոլորտներուն: Մենք հաւատացած ենք, որ այս ուղղութիւնները չափազանց կարեւոր են, որպէսզի Հայաստանը, օգտուելով ԵՄ աջակցութենէն, կարենայ լաւ արժէքներ առաջ մղել, որոնք կը վերաբերին սնունդին, ճանապարհային անվտանգութեան, կերպընկալէ առարկաներու օգտագործման, տոպրակներու քանակի նուազեցման եւ այլն»,-եզրափակած է ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարը:

Յիշեցնենք, որ ԵՄ-ն կը փնտռէ նորարարական նախագիծեր, որոնք Հայաստանը  կը դարձնեն աւելի առողջ, ապահով, մաքուր եւ աւելի կայուն: Մրցոյթի հիմնական նպատակն է ֆինանսաւորել քաղաքացիական հասարակութեան շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնք ուղղուած են քաղհասարակութեան դերի բարձրացման՝ խթանելով նաեւ ԵՄ-Հայաստան համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովելու բարեփոխումներու դիտարկում եւ  հանրային հաշուետուողականութեան աճ այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կ’ընդգրկեն ԵՄ-Հայաստան համաձայնագրերը: Այս մրցոյթը կը լրացնէ ներկայիս Եւրոպական միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող քաղհասարակութեան կազմակերպութիւններու կարողութիւններու զարգացման անմիջականօրէն աջակցող ծրագրերու ցանկը 30 նոր դրամաշնորհներու միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment