Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան եւ Տարօն Մարգարեան կը Պայքարին Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնին Համար

Նիկոլ Փաշինեան եւ Տարօն Մարգարեան կը Պայքարին Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնին Համար

by MassisPost

14 Մայիսին կայանալիք Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն այս պահին հաւանական թեկնածուներ կը համարուին Տարօն Մարգարեանը, Նիկոլ Փաշինեանը եւ Զարուհի Փոսթանճեանը։ Առնուազն 9 քաղաքական ուժեր կը քննարկեն Երեւանի աւագանիի եւ քաղաքապետի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելու հարցը։

Կուսակցութիւնները եւ դաշինքները մասնակցութեան համար փաստաթուղթերը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով (ԿԸՀ) ներկայացնելու 2 օր ժամանակ ունին։ Վերջնաժամկէտը կը լրանայ Ապրիլի 9-ին՝ երեկոյան ժամը 18.00-ին։

5-րդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւոր Զարուհի Փոսթանճեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին հաստատած է, որ կը դիտարկէ ընտրութիւններուն որպէս քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուելու հնարաւարութիւնը։ «Եթէ մենք, բառիս բուն իմաստով ենք դիտարկում որպէս ընտրութիւն, այդպէս չէ, բայց որպէս քաղաքական պայքարի միջոց, մենք դա դիտարկում ենք», – ըսած է Փոսթանճեան։

Ան նշած է, որ քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուելու հարցը վերջնական պիտի քննարկեն Շաբաթ օր, պիտի մասնակցին իր ղեկավարած նորաստեղծ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան ցուցակով։

Երեւանի ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին յայտարարած է նաեւ «Ելք» դաշինքը։ Ուժի ղեկավարներէն միայն Նիկոլ Փաշինեանը Երեւանի գրանցում ունի, ինչը պարտադիր է քաղաքապետի թեկնածուի համար: Ուրբաթ օր դաշինքը որոշել է Երևանի քաղաքապետի ընտրութեանը մասնակցիլ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ:

«Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքը նոյնպէս կը քննարկէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան հարցը, սակայն դաշինքի անդամ, «Ժառանգութեան» փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի կարծիքով՝ աւագանիի ընտրութիւններուն պէտք չէ մասնակցիլ։ «Որովհետեւ հասարակութիւնը մի փոքր այլ տրամադրութեան մէջ է։ «Պէտք է սպասել, որ էս տեղեկատուական մշուշն անցնի», – ըսած է Մարտիրոսեան։

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն երկրորդ տեղը գրաւած «Ծառուկեան» դաշինքէն ներս եւս դեռ վերջնական որոշում չեն կայացուցած։ Դաշինքը գլխաւորող «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի խօսնակ Իւեթա Տօնոյեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ այժմ կը քննարկեն նաեւ այն հարցը, թէ որ ցուցակով պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն՝ «Ծառուկեան» դաշինքի, թէ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի։ «Թէ ով է լինելու թեկնածուն, այդ քննարկումներն առայժմ ընթացքի մէջ են, եւ յառաջիկայում կլինի վերջնական, յստակ որոշում, եւ օրէնքով սահմանուած կարգով, մինչ ապրիլի 9-ն այդ մասին կը լինի համապատասխան յայտարարութիւն», – ըսած է Տօնոյեան։

Իշխող Հանրապետականի խօսնակ Էտուարտ Շարմազանով օրերս «Ազատութեան» եթերին յայտարարած էր, որ, իր կարծիքով, Հանրապետականի քաղաքապետի թեկնածուն կ’ըլլայ գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը։ «Հիմա Ճիշտ չի, որ ես ասեմ, բայց, բնականաբար, կարծում եմ, որ որեւէ մէկի մօտ պէտք է հարց չառաջանայ, մենք այդ հարցին չենք էլ անդրադարձել։ Ես կ’ասէի, որ Տարօն Մարգարեանի բարձր վարկանիշը, Տարօն Մարգարեանի այս տարիների աշխատանքը՝ ի շահ մեր Երեւանի եւ երեւանցիների, ակնյայտ է։ Տարօն Մարգարեանն այն քիչ պետական պաշտօնեաներից է, որը տարիներ շարունակ կարողանում է ունենալ բարձր վստահութիւն, ինչու չէ, յարգանք ու սէր երեւանցիների կողմից», – ըսած է Շարմազանով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment