Home ՍՓԻՒՌՔ Թուրքիոյ Վճռաբեկ Դատարանը Դադրեցուցած է Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Պետականացման Գործընթացը

Թուրքիոյ Վճռաբեկ Դատարանը Դադրեցուցած է Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Պետականացման Գործընթացը

by MassisPost

Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանը որոշում կայացուցած է դադրեցնելու Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ պետականացման գործընթացը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականը, Սուրբ Կիրակոսի եկեղեցւոյ հիմնադրամի փաստաբանները պետականացման դէմ հայց ներկայացուցած են վճռաբեկ դատարան` շեշտելով, որ եկեղեցւոյ պետականացումը կը հակասէ օրէնքին:

«Պետականացման որոշումով արհամարհուած են նախարարներու խորհուրդի որոշումը կապուած մշակութային ժառանգութիւններու պահպանութեան հետ: Բացի վճռաբեկը նման անօրինական պետականացումները չեղարկելու վերաբերեալ դրական ընդունուած շարք մը որոշումներ ունի: Պետականացումը կը հակասէ նաեւ Լոզանի պայմանագրին»,–նշուած էր հայցադիմումին մէջ:

Վճռաբեկը բաւարարած է Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի հայցը` եկեղեցւոյ պետականացման գործընթացը կանգնեցնելու որոշում կայացնելով: Վճռաբեկի որոշման մէջ նշուած է, որ պետականացման հետ կապուած հարցում ուղարկուած է համապատասխան մարմիններուն, սակայն պատասխան չեն ստացած, թէ ինչ հիմքերով կը պետականացնեն եկեղեցին:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի որոշումով՝ Տիարպեքիրի Սուրի շրջանին մէջ գտնուող բոլոր կառոյցները, որոնց մէջ նաեւ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոսը, պետականացուած են: Պատճառաբանութիւնն այն էր, որ քիւրտ զինեալներուն հետ բախումներու հետեւանքով վնասուած Սուրի շրջանը պէտք է պետական միջոցներով վերականգնուի:

Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկուն` Սուրբ Կիրակոսի վերաբացումն ու օծումը տեղի ունեցած է 22 Հոկտեմբեր 2011-ին, իսկ առաջին պատարագը մէկ օր անց` 23 Հոկտեմբերին:

Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգումը իրականացուած է տիարպեքիրցի հայերու եւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:

Սուրբ Կիրակոսը վերաբացուած է որպէս գործող եկեղեցի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment