Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Կարօ Փայլան Չաւուշօղլուէն Պարզաբանումներ Պահանջած է՝ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի Արխիւներու Մասին

Կարօ Փայլան Չաւուշօղլուէն Պարզաբանումներ Պահանջած է՝ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի Արխիւներու Մասին

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հետաքրքրուած է արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներու ճակատագրով:

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի կայքի համաձայն՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին ուղղուած գրաւոր հարցումով Փայլան մասնաւորապէս ուզած է իմանալ, թէ ինչ փուլի մէջ են ԱԳՆ-ի արխիւներու թուայնացման աշխատանքները եւ արդեօք անոնց մէկ մասը վնասուած կամ ոչնչացուած է:

Հայ պատգամաւորը նաեւ փորձած է պարզել, թէ արդեօք այդ արխիւներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը ընդգրկող (մինչեւ 1919թ.) փաստաթուղթեր կան:

Փայլան յիշեցուցած է, որ ԱԳՆ-ի կողմէ նախապէս եղած յայտարարութեան համաձայն՝ մինչեւ 2015թ. պէտք է թուայնացուէր նախարարութեան պատկանող շուրջ 25 միլիոն փաստաթուղթ: Սակայն մինչ օրս այդ աշխատանքները չեն աւարտած:

«Եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ թողնենք այն, որ արխիւը նշանակուած ժամկէտին չէ բացուած, նաեւ տեղեկութիւններ ստացուած են, որ այդ արխիւի աշխատակիցներու մէկ մասը հեռացուած է աշխատանքէն՝ կիւլէնական ըլլալու մեղադրանքով: Իսկ այդ ընթացքին արխիւային փաստաթուղթերու մէկ մասը ոչնչացուած է: Բացի այդ, լուրեր ստացուած են, որ արխիւի հետ կապուած աշխատանքները արդէն բաւական ժամանակ դադրեցուած են, իսկ շէնքը, ուր կը գտնուին փաստաթուղթերը, ջուր լեցուած է, ինչի արդիւնքով արխիւը մեծ վնասներ կրած է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment