Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ «Ազատութեան Տունի» Հայաստան Կիսահաստատուած Մենատիրական Համակարգով Պետութիւն Է

Ըստ «Ազատութեան Տունի» Հայաստան Կիսահաստատուած Մենատիրական Համակարգով Պետութիւն Է

by MassisPost

«Ազաութեան Տուն» (Freedom House) իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Անցումային շրջանի մէջ գտնուող երկիրներ» ամենամեայ` 22-րդ զեկոյցը:

Զեկոյցին մէջ ներառուած 29 երկիրներու կէսէն աւելին նահանջ արձանագրած են ժողովրդավարութեան գետնի վրայ:

Ըստ նոր զեկոյցին, Հայաստանը վերստին կիսահաստատուած մենատիրական  համակարգով պետութիւն է: Ժողովրդավարական եւ ոչ-ժողովրդավարական համակարգերու տարբերութեան ցուցանիշը կը հանդիսանայ  ընտրութիւններու  եղանակով իշխանութիւնը փոխելու հնարաւորութիւնը:

«Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Ղըրխըիզստանը անցած երկու տարիներուն նախագահականէն խորհրդարանական համակարգի կ’անցնին` փորձելով աւելի դժուար դարձնել այդ քաղաքական փոփոխութեան հնարաւորութիւնը», – ըսուած է զեկոյցին մէջ:

Երկու նախագահները` Սերժ Սարգսեան եւ Ասլամբեկ Աթամբաեւը, կը հաւաստիացնեն, թէ համակարգը պէտք է փոխել խորհրդարանի դեմոկրատական ուժը հզօրացնելու համար: Բայց, ըստ Freedom House-ի, փոփոխութեան գործնական արդիւնքը կ’ըլլայ այդ երկիրներուն մէջ նախագահական կուսակցութիւններու եւ օլիկարխներու վերնախաւի դիրքերու հզօրացումը:

Զեկոյցը  կազմուած է հայաստան  խորհրդարանական ընտրութիւններէն օրեր առաջ: Եւ զեկոյցին մէջ կայ բաւական ճիշդ կանխատեսում. – «Հայաստանի մէջ կը ստեղծուի կառավարութիւն եւ խորհրդարան, ուր գերակայողը կ’ըլլայ Սերժ Սարգսեանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, եւ Սարգսեանը կ’ունենայ կա~մ պաշտօնապէս, կա~մ քուլիսներու ետեւէն ղեկավարելու հնարաւորութիւն»:

Զեկոյցին մէջ երկիրները դասուած են 1-7 միաւրով: Որքան բարձր է թիւը, այնքան այն աւելի բացասական է:

Հայաստանին վերաբերող գնահատականները  հետեւեալն են. ընտրական գործընթաց` 6 միաւոր, քաղաքացիական հասարակարգ` 3.75, անկախ մամուլ` 5.5, պետական դեմոկրատական կառավարում` 6, տեղական դեմոկրատական կառավարում` 5.75, դատական համակարգի անկախութիւն` 5.5, կաշառակերութիւն` 5.25: Դեմոկրատական միջինացուած գնահատական` 5.39:

Փաստօրէն Հայաստանի մէջ վատթարացում կը նկատուի, քանի որ ցուցանիշներով երկիրը ընդհուպ կը մօտենայ կիսահաստատուած մենատիրական ռեժիմներու խումբին:

Հարեւան Վրաստանի մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակը նոյնը մնացած է‘ 4.61 միաւոր: Սակայն Ատրպէյճանի մէջ նուազած է‘ 6.86-էն մինչեւ 6.93, իսկ Ռուսիոյ մէջ‘ 6.50-էն մինչեւ 6.57:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment