Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ /ԺՀՄԻԳ Դիտորդներու Գնահատմամբ Պահպանուած են Հիմնարար Ազատութիւնները

ԵԱՀԿ /ԺՀՄԻԳ Դիտորդներու Գնահատմամբ Պահպանուած են Հիմնարար Ազատութիւնները

by MassisPost

Խորհրդարանական ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին, ընդհանուր առմամբ պահպանուած են հիմնարար ազատութիւնները, երէկ հրաւիրուած ասուլիսին յայտարարած են ԵԱՀԿ/ԺԳՄԻԳ-ի դիտորդները:

Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավարի խօսքով՝ ընտրութիւններու  վրայ հետք թողած են ընտրակաշառքներու վերաբերեալ արժանահաւատ տեղեկութիւններն ու ընտրողներու վրայ գործադրուած ճնշումները:

«Ցաւօք, գործընթացը խարխլուած է ընտրակաշառքներու վերաբերեալ հաւաստի, կրկնուող տեղեկութիւններով, ընտրողներու մասնաւորապէս դպրոցներու ու հիւանդանոցներու մէջ  քաղաքացիական ծառայողներու եւ մասնաւոր ընկերութիւններու աշխատակիցներու ահաբեկումներով, ինչպէս նաեւ վարչական դիրքի չարաշահմամբ», – նշած է Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավար Հէյտի Հաութալան:

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ քանի մը ընտրատարածքներու մէջ լարուածութեան եւ ընտրողներու նկատմամբ ահաբեկման դէպքեր նկատուած են, ինչի պատճառը ամբողջ օրուայ ընթացին ընտրատեղամասերու շուրջ կուսակցութիւններու մեծ թիւով վստահուած անձերու եւ այլ քաղաքացիներու կուտակումը եղած է: Այդուհանդերձ, երբ լրագրողները խնդրած են յստակեցնել, թէ որ ուժերը եղած են ընտրակաշառք բաժնողներն ու ճնշումներ գործադրողը՝ եւրոպացի դիտորդները ըսած են, որ չեն կրնար անուն նշել:

ԵԱՀԿ կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը կոչ ըրած է խորհրդարանական մեծամասնութեան շարունակել փոխել երկրի քաղաքական մշակոյթը: «Երեկուայ ընտրութիւնները ուղենշեցին առաջին քայլը Հայաստանի մէջ նոր քաղաքական համակարգ կառուցելու ճանապարհին, բայց փոփոխութիւնը չի կրնար տեղի ունենալ մէկ գիշերուան մէջ», – ըսաւ ան:

Ապրիլեան ընտրութիւններէն առաջ նոր ընտրական համակարգը բարդ որակած ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի դիտորդներու գնահատմամբ՝ քուէարկողներու 35 տոկոսը դժուարութիւններ ունեցած է ընտրութիւններու գործընթացը հասկնալու հետ: Ըստ եւրոպացի դիտորդներուն՝ ցաւալի է, որ հակառակ բոլոր օրէնսդրական ու կազմակերպչական փոփոխութիւններուն, անոնք չվերացուցին կասկածները ընտրական գործընթացներու վստահելիութեան եւ ազնուութեան նկատմամբ:

«Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը գործած է արդիւնաւէտ եւ իր աշխատանքները կատարած է թափանցիկ կերպով: Այնուամենայնիւ, այն խստօրէն հետամուտ չէ եղած բողոքներուն», – ըսուած է եւրոպացի դիտորդներու յայտարարութեան մէջ:

ԵԽԽՎ-ի ներկայացուցիչն ալ նշած է, որ ընտրութիւններու ընդհանուր միջավայրը բաւարար չէր, ընդգծելով, որ  հեռուստատեսային բանավէճեր չեն եղած:

«Ընտրական քարոզչութիւնը կեդրոնացած եղած է անձերու եւ ոչ՝ ծրագիրներու վրայ, ճնշում գործադրուած է մարդոց վրայ, ինչպէս ընտրութիւններէն առաջ, այնպէս ալ քուէարկութեան օրը, օրինակ փորձած են ընտրողներուն համոզել, որ իրենց ընտրութիւնը գաղտնի չէ եւ իրենց համար հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Կրնամ ըսել՝ մենք զգացած ենք, որ վախն ու հիասթափութիւնը աւելի ուժեղ եղած են, քան՝ յոյսը», -ըսած է Լիլիան Մաուրի Պասքեր:

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի երկարատև դիտորդական առաքելութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին վերջնական զեկոյցը պիտի ներկայացնէ երկու ամիս անց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment