Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Իգլա»-ի Գործով Կալանաւորուած Ազատամարտիկ Սանասար Գաբրիյէլեանը Չընդունիր Իրեն Ներկայացուած Մեղադրանքը

«Իգլա»-ի Գործով Կալանաւորուած Ազատամարտիկ Սանասար Գաբրիյէլեանը Չընդունիր Իրեն Ներկայացուած Մեղադրանքը

by MassisPost

«Իգլա»-ի գործով կալանաւորուած Սանասար Գաբրիյէլեանը, որ կոչումով փոխգնդապետ է եւ աւելի քան տասը տարի ծառայած է Հայաստանի զինուած ուժերուն, ըստ փաստաբան Կարապետ Աղաճանեանի, չընդունիր իրեն ներկայացուած մեղադրանքը:

Նշենք, որ Գաբրիյէլեանը կը մեղադրուի նոյն յօդուածներով, ինչ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Պապայեանը, մասնաւորապէս՝ նախնական համաձայնութեամբ զէնք-զինամթերք ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ պայթուցիկ կամ թունաւոր նիւթերու մաքսանենգութեան համար։

«Իմ պաշտպանեալի նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքը կարծում եմ, որ հիմնաւորուած չի, դրա հիմքում որեւէ ապացոյցներ եւ պատճառաբանութիւններ չեն բերուած, դա է պատճառը, որ իմ պաշտպանեալն իրեն մեղաւոր չի ճանաչել առաջադրուած մեղադրանքում», – «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած է Աղաճանեան։

Ուշագրաւ է, որ ինչպէս Սամուէլ Պապայեանի փաստաբանը, այնպէս ալ Գաբրիյէլեանի պաշտպանը, թէեւ չեն ընդունիր իրենց պաշտպանեալներուն ներկայացուած մեղադրանքները, սակայն նաեւ չեն հերքեր, որ անոնք ինչ-որ առնչութիւն ունին այս պատմութեան հետ։ Թէ ինչ առնչութեան մասին է խօսքը, առայժմ փաստաբանները չեն մանրամասներ՝ յղում ընելով նախաքննութեան գաղտնիութիւնը։

Ի դէպ, «Իգլա»-ի գործով կալանաւորուած 56-ամեայ Սանասար Գաբրիյէլեանը Սամուէլ Պապայեանի մարտական ընկերն է, ան նոյնպէս մասնակցած է ղարաբաղեան պատերազմին, կռուած է Քարվաճառի (Քելբաջար) մէջ։ Ըստ փաստաբանի, 2000-ին Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան ժամանակ պարգեւատրուած է «Մարտական Խաչ» շքանշանով:

Հարցին, թէ արդեօ՞ք ան նոյնպէս աջակցած է Սէյրան Օհանեանի ղեկավարած «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» (ՕՐՕ) դաշինքին, ինչպէս Սամուէլ Պապայեանը, փաստաբան Կարապետ Աղաճանեան ըսած է, թէ Գաբրիյէլեանը քաղաքականութեամբ չէ զբաղուած, Ռուսաստանի մէջ փայտի մշակման գործարք ունի եւ մօտ երեք ամիս առաջ Հայաստան ժամանած է: Անցած տարի ալ Հայաստան եկած էր ապրիլեան պատերազմին մասնակցելու նպատակով։

Կարապետ Աղաճանեան տարօրինակ համարած է մամուլի մէջ  շրջանառուող այն վարկածը, թէ ձեռք բերուած «Իգլա»-ով հնարաւոր էր պաշտօնեայի ուղղաթիռ խոցուէր։ Ըստ փաստաբանի, նման վարկած նոյնիսկ քրէական գործին մէջ չկայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment