Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընտրացուցակներու Հրապարակումը չի Նշանակեր, որ Ընտրութիւնները Չեն Կեղծուիր. Ա. Սաքունց

Ընտրացուցակներու Հրապարակումը չի Նշանակեր, որ Ընտրութիւնները Չեն Կեղծուիր. Ա. Սաքունց

by MassisPost

Միայն այն, որ ընտրողներու ազատ կամքի արտայայտման սկզբունքը խախտուած է, զանգուածային կերպով վարչական լծակներ կ’օգտագործուին, կը փաստէ այն մասին, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները արդէն իսկ կեղծուած են։

Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Հելսինքեան քաղաքացիական վեհաժողովի Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար, իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը՝ աւելցնելով, որ Ընտրական օրէնսգիրքի մէջ խութեր կան:

«Այն, որ ծրարի մէջ բացի քուէաթերթիկից կան թղթեր, կամ ինչ-որ իրեր, որոնք հիմք չեն հանդիսանում, որպէսզի այդ քուէարկութիւնը համարուի անվաւեր, սա արդէն ընտրողի քուէարկութիւնը վերահսկելու մեթոտ է։ Դուրս է գալիս՝ բոլորին կարող են ինչ-որ միատեսակ իր տալ, ասենք՝ սեւ թուղթ, որպէսզի իրենց ՀՀԿ-ական յանձնաժողովի անդամը հաշուարկի ժամանակ վստահ լինի, որ հաւատարիմ են մնացել ՀՀԿ-ին: Կամ գունաւոր գրիչներով նշումները, որը չի արգելւում, ինչը նշանակում է, որ թոյլատրւում է։ Բազմաթիւ այլ մեթոտներ եւս կան»,-շեշտած է ան:

Արթուր Սաքունցի մեկնաբանմամբ՝ ընտրողը այս օրերուն անգամ կաշկանդուած է՝ կաշառք վերցնե՞լ, թէ ոչ:

«Եթէ կաշառք չվերցնի, նշանակում է նա կասկածեալ է, հաւատարիմ չէ իշխանութեանը, խախտումները համատարած բնոյթ են կրում»,-շեշտած է ան:

Արթուր Սաքունցի խօսքով՝ բոլոր կուսակցութիւններու մասնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն կարելի է համարել «Կեցցէ ՀՀԿ» կարգախօսի ներքոյ, բացի երկու ուժէ՝ ՕՐՕ եւ «Ելք» դաշինքներէն, որոնք դիմում ներկայացուցած են, որպէսզի ՀՀԿ մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն չեղարկուի։

Ըստ անոր՝ այն, որ ընտրացուցակները կը հրապարակուին, չի նշանակեր, որ ընտրութիւնները չեն կեղծուիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment