Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբը Հիմնախնդրի Կարգաւորման Միակ Միջազգային Մանդատ Ունեցող Կառոյցն է

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբը Հիմնախնդրի Կարգաւորման Միակ Միջազգային Մանդատ Ունեցող Կառոյցն է

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան 29 Մարտին ընդունած է ԵԽԽՎ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններու միջեւ հակամարտութիւններու ենթակոմիտէի նախագահ, Ատրպէյճանի պարտաւորութիւններու կատարման հարցով զեկուցող Շտեֆան Շէնախը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Էտուարտ Նալպանտեան հիւրին ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման նպատակով Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն ջանքերը: Ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը, ի տարբերութիւն Հայաստանի, շարունակաբար կը մերժէ համանախագահ երկիրներուն կողմէ բանակցային գործընթացի առաջ մղման համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղուած առաջարկները, կը հրաժարի կեանքի կոչել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները` միջադէպերու հետաքննութեան կառուցակազմի ստեղծման, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւններու աւելնալուն վերաբերեալ:

Նախարար Նալպանտեան շեշտած է, որ հիմնահարցի կարգաւորումը կ՝ընթանայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով, որ հիմնախնդիրին կարգաւորման միակ միջազգային իրաւագիր ունեցող կառոյցն է:

Էտուարտ Նալպանտեան աւելցուցած է, որ ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ քննարկումները այլ ձեւաչափեր, այլ հարթակներ տեղափոխելու, տարբեր կառոյցներու մէջ իրականութիւնը խեղաթիւրող բանաձեւեր նախաձեռնելու, կարգաւորման ձեւաչափին զուգահեռ կառուցակազմեր ստեղծելու փորձերը կը վնասեն հանգուցալուծման հասնելու համանախագահներուն ջանքերը, որուն մասին տարբեր առիթներով զգուշացուցած են նոյնինքն համանախագահները. այս զգուշացումը ԵԽԽՎ-ի մէջ նոյնպէս պէտք է լրջօրէն հաշուի առնուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment