Ապրիլ 2-ին կայանալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մի քանի օր մնացած արձանագրուեցաւ բաւականի զգայացունց իրադարձութիւն: Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւններուն կողմէ ձերբակալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Պապայեանը, որ կը նկատուի նաեւ Օհանեան, Օսկանեան եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան դաշինքի վարագոյրի ետին կանգնած «ղեկավարը»:
Սամուէլ Պապայեան կը մեղադրուի որպէս, «Իգլա» տեսակի հրթիռային համալիր Վրաստանի վրայով Հայաստան տեղափոխելու գործողութեան հովանաւորը:
Այս ձերբակալութենէն առաջ իսկ, Հայաստանեան մամուլին մէջ հրապարակումներ լոյս կը տեսնէին այն մասին, որ Պապայեան կը պատրաստէ «Սասնայ Ծռեր 2» գործողութիւնը, ակնարկելով անցեալ տարուայ Յուլիսին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն: Ձերբակալութենէն ետք գրուեցաւ նաեւ որ, «Իգլա» հրթիռները պիտի օգտագործուէին նախագահ Սերժ Սարգսեանը փոխադրող ինքնաթիռ եւ կամ ուղղաթիռ օդին մէջ պայթեցնելու համար:
Թէ այս բոլորը որքանով կը համապատասխանեն իրականութեան, դժուար է ըսել: Սակայն, քանի որ Հայաստանի իշխանութիւնները այս առումով եւս հեղինակազրկուած են, շատեր հակուած են թերահաւատութեամբ մօտենալ ներկայացուող պաշտօնական վարկածներուն:
Նման զարգացումները անգամ մը եւս կու գան հաստատելու թէ, անկախութենէն 25 տարիներ ետք Հայաստանի մէջ տակաւին ժողովրդավարութիւնը արմատներ չէ կրցած նետել ու փոխանակ ապաւինելու քուէատուփին` խաղաղ միջոցներով իշխանափոխութեան հասնելու համար, մարդիկ ու խմբաւորուներ կը մտածեն այլ ձեւերով իրականացնել այդ իշխանափոխութիւնը: Այս միտքը դժբախտաբար տարածուած է ժողովուրդի մէջ եւս:
Ապրիլ 2-ին իշխանութիւներուն կողմէ ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումը անհրաժեշտութիւն է Հայրենիքի ապագային համար: Միայն այդ ձեւով կարելի պիտի դառնայ յաղթահարել երկրի դիմագրաւած բազում դժուարութիւնները, բռնելու բնական զարգացման ճանապարհը ու բոլորի մօտ ամրապնդելու այն գաղափարը, որ միայն քուէատուփին ապաւինելովª կարելի է հասնիլ նպատակի:
«ՄԱՍԻՍ»