Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճին մէջ հանդիպած է Հայաստան բնակութիւն հաստատած սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Վերջերս վարչապետը դիմած էր սփիւռքահայութեան` հայրենիքի ապագայի կառուցման մասնակից ըլլալու կոչով: «Մեր վերջնական նպատակն է` ունենալ ժամանակակից, տրամաբանական, զարգացող պետութիւն, միջազգային հանրութեան համար հասկանալի` հիմնուելով մեր ազգային արժանապատուութեան, ինքնութեան եւ աւանդոյթների վրայ», – ողջունելով սուրիահայերուն` ըսած է վարչապետը: Անդրադառնալով սփիւռքահայութեան ուղղուած կոչին` Կարէն Կարապետեան նշած է, որ Հայաստանի ամենամեծ ներուժը եւ ամենաուժեղ դրամագլուխը մարդն է, եւ զարգացման ծրագիրներու հիմքը այդ գաղափարն է: «Իմ կոչի նպատակն այն է, որ այն փորձը, ներուժը, որ ունեն սփիւռքահայերը, յաջողակ օրինակները` գիտնականները, կառավարիչները, բժիշկները, մշակոյթի գործիչները, ուղղակի կարողանան մեզ փոխանցել, որովհետեւ այսօրուայ արագ փոփոխուող եւ զարգացող աշխարհում դա չափազանց կարեւոր է», – ընդգծած է կառավարութեան ղեկավարը:
Իրենց ելոյթներուն մէջ սուրիահայերը ողջունած են Կարէն Կարապետեանի կոչը սփիւռքահայութեան` իրենց աջակցութիւնն ու մասնակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելով Հայաստանի զարգացման ծրագիրներուն: Կառավարութեան ղեկավարը սուրիահայերու հետ քննարկած է անունց յուզող հարցերը, որոնք կը վերաբերէին փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան խթանման, գործարարական ծրագիրներուն, գիւղատնտեսութեան ոլորտին, տնտեսութեան զարգացման եւ այլն: Ներկայացնելով կառավարութեան բարեփոխումները այս ուղղութիւններով` վարչապետը կարեւորած է սփիւռքահայութեան աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը մեր երկրի առաջընթացին ուղղուած ծրագիրներուն:
«Վերջին շրջանում սփիւռքահայերի վերադարձով Երեւանում, Հայաստանում ծառայութիւնների պիզնէսի որակն էապէս փոխուել է: Աւելին, աշխատանքի, աշխատասիրութեան նոր մշակոյթ է ձեւաւորուել: Ձեր մեջ լաւատեսութիւնը դէպի վաղուայ օրը շատ վարակիչ է», ըսած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան: