Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Թանքեան եւ Ատոմ Էկոյեան Մարտի Վերջը Հայաստան Պիտի Ըլլան . Արսինէ Խանճեան

Սերժ Թանքեան եւ Ատոմ Էկոյեան Մարտի Վերջը Հայաստան Պիտի Ըլլան . Արսինէ Խանճեան

by MassisPost

Ամերիկահայ ռոք երաժիշտ եւ երգահան, աշխարհահռչակ System of a Down խումբի հիմնադիր եւ մենակատար Սերժ Թանքեանն ու գանատահայ շարժապատկերի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը Մարտի վերջին արդէն Հայաստան կ’ըլլան: Այս մասին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի եթերին ըսած է գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, որ արդէն Հայաստան է:

«Մենք դիտորդական առաքելութիւն պիտի իրականացնենք խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ: Բացի Թանքեանէն, Նազարեանէն, Էկոյեանէն եւ ինձմէ՝ շատ մարդիկ մեզ արձագանգած են եւ 2 Ապրիլին Հայաստան պիտի ըլլան»,- ըսած է ան:

Եթէ 2 Ապրիլին մեծ թիւով խախտումներ արձանագրուին եւ ժողովուրդը որոշէ փողոց դուրս գալ պայքարի համար, Արսինէ Խանճեանը չի բացառեր, որ իրենք նոյնպէս կը միանան անոնց: Դիտարկման, թէ՝ խօսակցութիւններ կան, որ այս դիտորդական խումբի իրական նպատակն է «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքին աջակցիլ, Արսինէ Խանճեան զարմացած է, թէ ինչպէս նման լուրեր կը տարածեն. «Իրականութեան չեն համապատասխաներ այդ տեղեկութիւնները, մենք անկախ մարմին ենք Հայաստանի մէջ, մենք մեր ամբողջ ծախսերը կը հոգանք, մենք կանգնած ենք հասարակութեան կողքին, ոչ մէկ կուսակցութեան կամ ուժի չենք աջակցիր»:

Նշենք, որ խումբ մը յայտնի սփիւռքահայ մտաւորականներ 2016-ի սեպտեմբերին ստեղծած են «Արդարութիւն Հայաստանի մէջ» նախաձեռնութիւնը, որու նպատակն է նպաստել Հայաստանի ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն։ Նախաձեռնութիւնը մտադիր է մինչեւ ապրիլ վերապատրաստել սփիւռքահայ դիտորդներ, որոնք Հայաստան կը ժամանեն` հետեւելու ընտրութիւններու ընթացքին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment