Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ Յարակից Շրջաններու Յանձնումը Աւելի կը Թուլացնէ Հայկական Ուժերու Դիրքերը․ Ռուս Փորձագէտ

ԼՂ Յարակից Շրջաններու Յանձնումը Աւելի կը Թուլացնէ Հայկական Ուժերու Դիրքերը․ Ռուս Փորձագէտ

by MassisPost

«Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի յայտարարութիւնները ուղղուած են ներքին լսարանին՝ ընտրողներու ձայները ստանալու համար եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ»: «Ազատութեան» հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնած է ռազմական հարցերով ռուս փորձագէտ Վլատիմիր Եւսէեւը: Անոր խօսքով, Ատրպէյճանը այսօր ոչ միայն պատրաստ չէ որեւէ փոխզիջման, այլ աւելի  կոշտացուցած է իր դիրքորոշումը։

«Որպէս ռազմական փորձագէտ, ես կը համարեմ, որ Ղարաբաղի յարակից շրջաններու յանձնումը աւելի կը թուլացնէ ապրիլեան պատերազմի հետեւանքով թուլացած հայկական ուժերու դիրքերը։ Համոզուած եմ, որ վերջին օրերու համեմատական հանդարտութիւնը սահմանին՝ փոթորիկէն առաջ եղած հանդարտութիւն է, եւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը անխուսափելի է: Կողմերը կը պատրաստուին պատերազմի»,- ըսած է ռուս փորձագէտը: Ինչ կը վերաբերի փոխզիջումներուն կամ զիջումներուն, Եւսէեւի կարծիքով, անոնց, նախեւառաջ, պէտք է պատրաստ ըլլան Ղարաբաղի բնակչութիւնը:

21 Մարտին Հայաստանի առաջին նախագահ, «Գոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքի ղեկավար Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին ըսած էր, որ ԼՂ խնդրով բանակցային գործընթացին նախաձեռնութիւնը անցած է Ռուսաստանին: Տէր-Պետրոսեանը նշած էր նաեւ, որ յառաջիկային խնդիրը հնարաւոր է կարգաւորել, եւ որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հնարաւորինս շուտ ընդունին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ներկայացուցած ծրագիրը, ինչը կ’ենթադրէ առաջին փուլին եօթ շրջաններու վերադարձ՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի յստակ արձանագրման։

Ռուս մէկ այլ փորձագէտ՝ Նիկոլայ Զլոպինի կարծիքով եւս կարգաւորման գործընթացին շուտափոյթ յառաջխաղացում չակնկալեր: «Ռուսաստանը ռազմական գործողութիւններու հնարաւոր վերսկսման պարագային նորէն քաղաքական միջամտութիւն կը ցուցաբերէ եւ կ’ընէ հնարաւորը՝ ռազմական գործողութիւններուն վերջ տալու համար, քանի որ Մոսկուային պէտք չեն ռազմական գործողութիւններ յետխորհրդային տարածքին»,- «Ազատութեան» ըսած է Զլոպինը: Անոր ընդգծմամբ, Ռուսաստանի միջամտութիւնը «միայն քաղաքական պիտի ըլլայ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment