Երեքշաբթի, Ապրիլ 4-ին պիտի կայանան Կլէնտէլի Քաղաքապետական եւ Ուսումնական Խորհուրդներու հերթական ընտրութիւնները: Այս առթիւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) հրապարակեց իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներու ցանկը:
Այս առթիւ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կու գայ յայտնելու թէ, թեկնածուներուն տրուած զօրակցութիւնը հիմնուած են նկատի առնելէ ետք իւրաքանչիւրի անցեալը, հանրային ծառայութեան մէջ անոնց նուիրումը եւ Կլէնտէլի բնակիչներուն եւ քաղաքին ապագային ի նպաստ անոնց ունեցած ծրագիրները:
Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամութեան համար ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Վրէժ Աղաճանեանին եւ Մարք ՄաքՔարլիին, իսկ Կլէնտէլի Միացեալ Ուսումնական Խորհուրդի ընտրութիւններունª Դոկտ. Արմինէ Կարապետեանին, Կրէկ Գրիգորեանին եւ Շանթ Սահակեանին:
Վրէժ Աղաճանեան երկարամեայ բնակիչ է Կլէնտէլ քաղաքի: Ան մասնագիտութեամբ երկրաչափ է եւ 18 տարիէ կը վարէ ամէնօրեայ հայկական հեռատեսիլի հաղորդում, ժողովուրդը ծանօթացնելով քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու մասին:
Վրէժ Աղաճանեանի ծրագիրներուն մէջ կը գտնուին երթեւեկի խճողումներու եւ ապահովութեան հարցերը:
Մարք ՄաքՔարլի մեծցած Կլէնտէլի մէջ, ստացած է փաստաբանական ուսում, եղած է Կլէնտէլ Գոլէճի ուսուցիչ: Ան ծառայած է Լոս Անճելըսի Շէրիֆի ուժերու գաղտնի ոստիկան, պայքարելով թմրանիւթերու դէմ: Սեպտեմբեր 11-էն ետք կանչուած է Ամերիկեան բանակ:
Ուսումնական Միացել Խորհուրդի երեք հայ թեկնածուները` Արմինէ Կարապետեանին, Կրէկ Գրիգորեանին եւ Շանթ Սահակեան երկարամեայ փորձառութիւն ունին եւ մեծ աշխատանք տարած են բարելաւելու Կլէնտէլի դպրոցներու վիճակը ու բարձրացնելու ուսումնական մակարդակը: