Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախաստորագրուեցաւ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Նախաստորագրուեցաւ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան այսօր ընդունած է Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան, Ռուսաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ հարցերով տնօրէն Լիւկ Տեւինին եւ Եւրոպական յանձնաժողովի առեւտուրի գլխաւոր տնօրինութեան ստորաբաժանման ղեկավար Պետրոս Սուրմէլիսին։

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ՝ Նալպանտեանը ողջունած է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը նախաստորագրելու նպատակով ԵՄ պաշտօնեաներու այցելութիւնը եւ վստահութիւն յայտնել, որ փաստաթուղթը նոր էջ պիտի բանայ Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան ու անոր անդամ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ։

Էտուարտ Նալպանտեան շեշտած է, որ համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի այս տարուան ընթացքին, եւ աւելցուցած, որ այն կ’արտացոլէ Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ յարաբերութիւններու խորութիւնը, մակարդակը եւ ծաւալը։

Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հարթակի նախկին ազգային համակարգող, Երեւանի մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեանի կարծիքով, ստորագրման ենթակայ նոր համաձայնագիրը իր ուժով չի զիջիր ասոցացման  համարկման  համաձայնագրին: «Այն առումով, որ սա նոյնպէս իրաւաբանօրէն կաշկանդող փաստաթուղթ է: Երկու բան կայ, որ որոշակի տարբերութիւն է մտցնում․ առաջինը, որ այս համաձայնագիրը չի ներառում խորը եւ համապարփակ առեւտուրի գօտին: Եւ երկրորդ հանգամանքը, որ այս համաձայնագիրը յստակօրէն առաջնութիւնը տալիս է Հայաստանի պարտաւորութիւններին ԵՏՄ-ի նկատմամբ»,- «Ազատութեան» ըսած է Նաւասարդեանը:

Վերջինս նաեւ որոշակի կապ կը տեսնէ նախաստորագրման եւ Հայաստանի մէջ ընթացող քարոզարշաւի միջեւ՝ «Կարծում եմ, որոշակի կապ ունի, որովհետեւ ենթադրւում էր, որ ընդհանրապէս քարոզարշաւի ժամանակ այդպիսի փաստաթղթեր չեն ստորագրւում: Բայց, փաստօրէն, դա արուեց, եւ ամէն դէպքում, դա նշանակում է, որ ակնկալիքներ կան, որ հանրութեան կողմից դա կը գրանցուի որպէս Հայաստանի իշխանութիւնների որոշակի նուաճում»:

Հայաստանի Հանրապետութեան անունով համաձայնագիրը նախաստորագրած են գլխաւոր բանակցող, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանը, ինչպէս նաեւ առեւտրական հարցերով բանակցող, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեանը: Եւրոպական միութեան անունով նախաստորագրած են գլխաւոր բանակցող, Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան, Ռուսաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ հարցերով տնօրէն Լիւկ Տեւինը, ինչպէս նաեւ ԵՄ կողմի առեւտուրի հարցերով բանակցող, Եւրոպական յանձնաժողովի առեւտուրի գլխաւոր տնօրինութեան ստորաբաժանման ղեկավար Պետրոս Սուրմէլիսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment