Home ԳՐԱԿԱՆ Աուրորայի Պատմութիւնը Հրատարակուեցաւ Թրքերէնով

Աուրորայի Պատմութիւնը Հրատարակուեցաւ Թրքերէնով

by MassisPost

Aurora_TurkishՀայոց ցեղասպանութեան ճանչցուած կերպարներէն մէկուն երկար ժամանակէ մը ի վեր մոռցուած գիրքը եւ երկար ժամանակէ մը ի վեր կորուսեալ բեմագիրը հրատարակուեցաւ թրքերէնով։ Գրող Անթոնի Սլայտի կողմէ խմբագրուած եւ Աթոմ Էկոյեանի յառաջաբանով ներկայացուած հատորը՝ «Աուրորա», կը պարունակէ Աուրորա Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան. Աուրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» հատորին ծանօթագրեալ վերահրատարակութիւնը եւ 1918-ին նկարուած «Հոգիներու աճուրդ» ժապաւէնին բեմագիրը, առաջին անգամ։

1915-ին, հայոց տարագրութեան միջոցին, Աուրորա չմշկածագցի 14-ամեայ աղջնակ մըն էր։ Ականատեսն եղաւ իր ժողովուրդի ոչնչացման, երբ մի առ մի կը զոհուէին նաեւ իր ընտանիքին անդամները։ Մարմնական ու հոգեկան կտտանքներու ենթարկուելով հանդերձ՝ յաջողեցաւ վերապրիլ։ Եզակի էր իր պատմութիւնը, որովհետեւ դարձաւ գլխաւոր դերակատարը ժապաւէնի մը, որ կը պատմէր սեփական ոդիսականը։

Աուրորա կ՚ազատի ու երկու տարի անց կը հասնի ԱՄՆ, ուր իրեն պատահածները կը պատմէ բարեսիրական ընկերութեան մը։ Պատմութիւնը, որ կը հրատարակուի Հենրի Լ․ Կէյթսի կողմէ, կը գրաւէ Հոլիվուտի շարժարուեստի արտադրողներու ուշադրութիւնը։ Այսպէսով Աուրորա, առանց լիարժէք կերպով հասկնալու, թէ ինչ կը կատարուի, իր ցաւը ճերմակ պաստառին վրայ դարձեալ կը ներկայացնէ՝ ստիպուելով վերստին յիշել իրեն պատահածները։

Այս հատորին խմբագիրը՝ Անթոնի Սլայտ, կանգ կ՚առնէ ճիշդ այս կէտին վրայ։ Այսինքն հոն, ուր Աուրորայի վկայութիւնը միջակ ամերիկացիի մը համար կը վերածուի դիտարժան ժողովրդային նիւթի մը, եւ վիրաւոր հոգի մը ա՛լ աւելի կը խոցուի։ Աուրորա ժապաւէնին հետ շրջագայած է այն բոլոր նահանգները, ուր կը ցուցադրուէր ան, վերածուելով ապրանքի մը։ Երբ հոգեկան խանգարում ունեցած է՝ իր փոխարէն յատուկ դերասաններ բեմ բարձրացած են նոյնիսկ։

Հետաքրքրական է, որ մեծ ժողովրդականութիւն մը վայելած այս ժապաւէնէն քանի մը դրուագներ միայն փրկուած ու հասած են մինչ օրս։ Այսինքն ճիշդ հայերուն նման, ժապաւէնն ալ աներեւութացած է։ Ինչպէս՝ Աուրորան։ 2016-էն սկսեալ սակայն, ի յիշատակ Աուրորայի, սահմանուած է միջազգային մարդասիրական մրցանակ մը՝ «Աուրորա՝ յանուն մարդասիրութեան զարթնումի» անունով։

Անթոնի Սլայթ, Աուրորան ու իր կորուսեալ ժապաւէնը հետապնդելով, լոյսին կը բերէ թէ՛ պատմական ողբերգութիւն մը եւ թէ շարժարուեստի պատմութեան մէջ մոռցուած արտադրութիւն մը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment