Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հիւանդանոցին Մէջ Մահացած է «Հաց Բերող» Արթուր Սարգսեանը

Հիւանդանոցին Մէջ Մահացած է «Հաց Բերող» Արթուր Սարգսեանը

by MassisPost

«Սասնայ ծռեր» խումբին սնունդ հասցնելու մէջ մեղադրուող Արթուր Սարգսեանը՝ «Հաց բերողը»,  երէկ իր մահկանացուն կնքած է «Արմէնիա» բժշկական կեդրոնին մէջ:  Այս մասին տեղեկութիւնը հաստատած է «Արմէնիա» բժշկական կեդրոնի փոխտնօրէն Արսէն Գրիգորեանը:

Նշենք, որ Արթուր Սարգսեանը Չորեքշաբթի երեկոյեան կրկին տեղափոխուած էր  հիւանդանոց, ան վիրահատութենէն ետք գիտակցութեան չէր եկած:

Յիշեցնենք, որ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին օժանդակելու մէջ մեղադրուող Արթուր Սարգսեանը ազատ արձակուած էր 31 Դեկտեմբեր 2016-ին, քանի որ ազատազրկման հետ անհամատեղելի հիւանդութիւն ունէր: 9 Փետրուարին, սակայն, ան կրկին կալանաւորուած էր: Արթուր Սարգսեանը հացադուլ յայտարարած էր եւ պահանջած էր փոխել իր խափանման միջոց կալանքը:

Օրեր առաջ քանի մը տասնեակ պատգամաւորներու երաշխաւորութեամբ Արթուր Սարգսեան ազատ արձակուած էր ու անմիջապէս տեղափոխուած հիւանդանոց: Մի քանի օր առաջ ան ինքնակամ լքած էր հիւանդանոցը, սակայն երէկ կրկին ստիպուած եղած էր տեղափոխուիլ հիւանդանոց:

Արթուր Սարգսեանը 49 տարեկան էր, մասնագիտութեամբ քանդակագործ, փայտի փորագրող:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment