Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լաւրով․ Հայ-Թրքական Սահմանի Բացումը Դրական Ազդեցութիւն Կ’ունենայ Ամբողջ Տարածաշրջանին Վրայ

Լաւրով․ Հայ-Թրքական Սահմանի Բացումը Դրական Ազդեցութիւն Կ’ունենայ Ամբողջ Տարածաշրջանին Վրայ

by MassisPost

Չորեքշաբթի օր աւարտած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական այցը Մոսկուա, իսկ երէկ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին տեղադրած է նախարար Սերկէյ Լաւրովի հարցազրոյցը «Regional Post-Caucasus» հայկական հանդէսին։

Նախ արձանագրենք, որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը այնքան ալ յաճախ հարցազրոյցներ չի տար հայկական ամսագիրներուն։ Ամէն պարագայի, հարցազրոյցին մէջ Ռուսասիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը անդրադարձած է երկու թեմայի միայն՝ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ռուսական ներդրումներուն եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հնարաւոր կարգաւորման։

«Ռուս-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք չէ դիտարկել որպէս մէկ գործընթաց, որ ուղղուած է ուրիշ երկիրներու դէմ։ Յոյս ունինք, որ ռուս-թրքական երկկողմ գործակցութեան փուլային վերականգնումը կը նպաստէ Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման», – յայտարարած է Լաւրով:

Անդրադառնալով հայ-թրքական սահմանի փակ ըլլալուն՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ Մոսկուան միայն կ’ողջունէ, եթէ Եւրասիական միութեան սահմանի հայ-թրքական հատուածը բաց ըլլայ մարդոց, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու ազատ տեղաշարժի համար։

«Սա  դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Ռուսաստանը կարեւոր դերակատարութիւն ունէր հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին 2007-2009 թուականներուն։ Իհարկէ, նախ եւ առաջ Անգարայի եւ Երեւանի ձեռնարկած ջանքերու արդիւնքով ստորագրուեցան Զիւրիխեան արձանագրութիւնները։ Ցաւօք, այնուհետեւ այդ գործընթացը կանգ առաւ», – ըսած է Լաւրով:

«Սակայն չափազանց կարեւոր է, որ կողմերը՝ Անգարան եւ Երեւանը, պայմանաւորուելու եւ լուրջ պատասխանատու որոշումներ ընդունելու կարողութիւն ցուցաբերեն։ Համոզուած եմ, որ Երեւանն ու Անգարան կրնան կարգաւորել առկայ խնդիրները։ Շատ բան  Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն կախեալ է։ Երբ Անգարան եւ Երեւանը նստին բանակցային սեղանի շուրջ, Ռուսաստանը պատրաստ կ’ըլլայ ցոյց տալ աշխոյժ աջակցութիւն կողմերուն», – յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment