Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անդրադարձ կատարելով ազգային կեանքին վերաբերող տարբեր հարցերուն, ներառեալ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ մը:
«Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դիմում է մեր Եկեղեցու զաւակներին եւ ՀՀ բոլոր քաղաքացիներին` մասնակցելու ընտրութիւններին հայրենիքի եւ մեր ժողովրդի ապագայի նկատմամբ պատասխանատուութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ: Կոչ ենք անում քուէարկել խղճի մտօք, առկայ քաղաքական տարակարծութիւնների մէջ տեղի չտալ յուզումների, առաւել եւս` անհանդուրժողականութեան եւ հակառակութիւններու, – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը նաեւ կոչ կ’ընէ բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ առաջադրուած թեկնածուներուն նախընտրական ու ընտրական գործընթացներու մէջ դրսեւորել խոհեմութեան, զսպուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ոգի:
Վերջին օրերուն ընտրութիւններուն հետ կապուած տեղի կ’ունենան լուրջ միջադէպեր: Ծեծկռտուքին սկսած են յաջորդել դանակահարութիւն եւ ապա կրակոցներ: Մտահոգութիւն կայ, որ մինչեւ ընտրութիւնները ականատես կրնանք դառնալ աւելի լուրջ պատահարներու:
Այս միջադէպերու կողքին կան նաեւ տեղեկութիւններ` կաշառք խոստանալու, ժողովուրդին սպառնալու եւ վախի մթնոլորտ ստեղծելու մասին: Այս բոլոր իրադարձութիւններու առանցքը կը կազմեն Հանրապետական Կուսակցութեան կողմնակիցներ, որոնք խորհրդարանի աթոռներուն տիրանալու համար, ոչ միայն բռնութիւն կը գործածեն ընդդիմադրութեան կողմնակիցներուն դէմ, այլ նաեւ կռիւներու կը բռնուին իրար միջեւ:
Այս բոլորը նկատի ունենալով, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը պէտք է որդեգրէր աւելի յստակ ու հասցէագրուած կեցուածք:
Այդ կեցուածքը ունեցած է Դամասկոսի եւ Յունաստանի նախկին առաջնորդ Ոսկան Արքեպիսկոպոս Գալփաքեան, հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտ ըսելով, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները կը կրեն ձեւական բնոյթ ու իշխանութիւնը կ’ընտրուի կաշառքով:
Եթէ Ոսկան սրբազան կրնայ ըսել այս ճշմարտութիւնը, նոյնը կրնայ ընել ու պէտք է ընէ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը:
Ոչինչ չըսող յայտարարութիւնները այլեւս անիմաստ են ու մեր Եկեղեցիէն կ’ակնկալուի աւելին:
«ՄԱՍԻՍ»