Home ՍՓԻՒՌՔ Արք. Աթէշեանը Տեղապահի Ընտրութենէն Ետք Յեղաշրջում Ըրած է. Կարօ Փայլան

Արք. Աթէշեանը Տեղապահի Ընտրութենէն Ետք Յեղաշրջում Ըրած է. Կարօ Փայլան

by MassisPost

Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւններու արդիւնքները յայտնի դառնալէն ետք, պարտուած կողմ արք. Արամ Աթէշեանի քայլին անդրադարձած է «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ը, Կարօ Փայլան յայտարարած է, թէ Արամ Սրբազանը փոխպատրիարքի պաշտօնին Թուրքիոյ հանրապետութեան հարկադիր կատարողի գործառոյթներ կ’իրականցնէ պատրիարքարանէն ներս։  «Անոր ըրած քայլը յեղաշրջում էր։ Մենք այն չենք ընդունիր։ Տեղապահ  ընտրուած է ու մէկ կողմը պարտուած է։ Բոլորս պէտք է շնորհաւորենք յաղթած թեկնածուին ու արագացնենք պատրիարքի ընտրութիւններու աշխատանքները»,– ըսած է Կարօ Փայլան։

Նշենք, որ Տեղապահի ընտրութիւններուն թեկնածուներ եղած են փոխպատրիարք արք. Արամ Աթէշեանն ու Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, արք. Գարեգին Պէքճեանը։ Երբ ընտրութիւններու վերջաւորութեան յայտնի դարձած է, որ յաղթած է Գարեգին Պէքճեանը, փոխպատրիարք, արք. Արամ Աթէշեանը լրագրողներուն ցոյց  տուած է նահանգապետարանի գրութիւնը, թէ պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած գործընթացը իրաւական չէ։

Թուրքիայի գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP) պատգամաւոր Սէլինա Տողան անընդունելի համարած է նահանգապետարանի միջամտութիւնը: Ըստ Տողանի՝ միջամտութիւնը որեւէ  իրաւական հիմք չունի:

Տողան նշած է, որ եթէ նահանգապետարանը կը մտահոգուի հայ համայնքի համար, ապա պէտք է ականջալուր ըլլայ համայնքին եւ չմիջամտէ գործընթացին: Այդ միջամտութեամբ, ըստ պատգամաւորի, գործընթացը աւելի բարդացած է:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment