Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գարեգին Արք. ՊԷքճեան Ընտրուած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան Տեղապահ

Գարեգին Արք. ՊԷքճեան Ընտրուած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան Տեղապահ

by MassisPost

Պոլսոյ պատրիարքարանի մէջ եղած դռնփակ ժողովին արդիւնքով Գերմանիայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գարեգին արք. ՊԷքճեան ընտրուած է տեղապահ: Քուէարկութեանը մասնակցած են պատրիարքարանի 34 հոգևորականներ: Արքեպիսկոպոս ՊԷքճեան ստացած է 23 ձայն, իսկ միւս թեկնածուն` Պոլսո Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը` 11 ձայն:

Պատրիարքի տեղապահի երրորդ թեկնածուն` պատրիարքարանի հոգևոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը աւելի վաղ յայտարարած էր, թէ յետս կը կոչէ տեղապահի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը կրօնաւոր դասուն խորհուրդ տալով քուէարկել ՝ ի նպաստ Տ. Գարեգին սրբազանին:

Յիշեցնենք, որ այսօրուան նիստը գոյացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի մէջ շաբաթներ առաջ ձեռք բերուած համաձայնութեան շնորհիւ:

Տեղապահութեան պաշտօնը ստանձնած Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանին հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ համընդհանուր ճիգերով եւ համայնքի լայն շրջանակներու օգնութեամբ պատրաստել Պոլսոյ յառաջիկայ Պատրիարքի ընտրութիւնը:

Պոլսոյ դարաւոր աթոռին հասնող Պատրիարքը պիտի ըլլայ Պոլսահայոց ազգընտիր 85-րդ Պատրիարք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment