Տեղապահի ընտրութեան լուրէն անմիջապէս ետք Պոլսոյ կուսակալութիւնը «շտապ» համարուած հաղորդագրութեամբ մերժած է ճանչնալ Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան արդիւնքները: Այս մասին գրած է «Արեւելք» կայքէջը յղում ընելով Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Աղբիւրը յայտնած է, որ կուսակալութեան հրապարակած հաղորդագրութեամբ կ’ըսուի, որ Թուրքիոյ պատկան մարմինները մերժած են ընդառաջել ասկէ ամիս մը առաջ պատրիարքութեան կողմէ եւ ընտրութիւն կայացնելու վերաբերեալ եղած գրաւոր դիմումը եւ «կը գոհանան» Արամ Աթէշեան սրբազանի,որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ գործունէութեամբ:
Այս հաղորդագրութեամբ, նոյնպէս յստակ կը դառնայ, որ կուսակալութիւնը առանց յայտարարելու անվաւեր կը համարէ տեղապահի ընտրութեան արդիւնքները:
Նշենք, որ Գում Գաբուի Հայոց Պատրիարքութեան յարկին տակ գումարուած կրօնական ժողովը աւելի վաղ Պոլսոյ Պատրիարքութեան տեղապահի պաշտօնին համար ընտրած էր Տ. Գարեգին արք. Պէքճեանը:
Պոլսոյ փոխ կուսակալ Ազիզ Մէրճանի ստորագրութիւնը կրող այս հաղորդագրութիւնը շփոթի մթնոլորտ մը կրնայ ստեղծել Պոլսահայ համայնքէն ներս, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին այս խնդրով ունեցած էր բաւական սուր տարակարծութիւններ: