Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուա պաշտօնական այցի ծիրէն ներս այսօր հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափով յարաբերութիւններու օրակարգին եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձած տարբեր ոլորտներու մէջ բարձր մակարդակով ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին:
Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը, միտքեր փոխանակած միջազգային եւ տարածաշրջանային արդի խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու շուրջ:
Քրէմլինի հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննարկուած են, մասնաւորապէս, երկկողմ համագործակցութեան առանցքային հարցեր եւ եւրասիական տարածքին ինտեգրացիոն փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
Նեղ կազմով հանդիպման սկիզբը Ռուսաստանի նախագահը, ողջունելով գործընկերոջը, ըսած է, որ 3 Ապրիլին Ռուսաստանն ու Հայաստանը պիտի նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, եւ այս տարիներու ընթացքին հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ձեռք բերած են դաշնակցային բնոյթ:
«Մենք աշխոյժ կերպով կը փոխգործակցինք միջազգային կազմակերպութիւններու հետ գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով՝ ներառեալ հետխորհրդային տարածքին ստեղծուածները, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու: Այս տարիներու ընթացքին շատ իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են, բայց Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները մշտապէս կառուցուած են անցեալի, դարերու խորքէն եկող խոր արմատներու հիման վրայ: Անոնք նոյն կերպ կը շարունակուին զարգացման ներկայ փուլին», – պաշտօնական հաղորդագրութիւններու համաձայն՝ ըսած է Փութինը:
«Մենք գիտենք, որ մեր հանդիպումը կ’իրականացուի նաեւ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական խոշոր իրադարձութիւններուն պատրաստուելու ֆոնին. ապրիլի 2-ին կը նախատեսուին խորհրդարանական` Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, եւ այս ամէնը կապուած է սահմանադրական բարեփոխումներու հետ: Գործընթացը, կարծես, հեշտերէն չէ, բայց համոզուած եմ, որ Հայաստանը Ձեր ղեկավարութեամբ կանցնի զարգացման այս փուլը: Մենք անկեղծօրէն կը մաղթենք Ձեզ յաջողութիւններ», – նշած է Ռուսաստանի նախագահը:
Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին պաշտօնական այցի հրաւէրի, ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ երկու երկիրներու փոխգործակցութիւնը անընդհատ կը համալրուի՝ ի յայտ կու գան նոր հարցեր, եւ բարձրագոյն մակարդակով մշտական հանդիպումները թոյլ կու տան ամփոփել յստակ ժամանակահատուածի կտրուածքով կատարուած աշխատանքը, եւ բնականաբար, նախանշել համագործակցութեան գլխաւոր ուղղութիւնները մօտ ապագայի եւ հեռանկարի համար:
«Իսկապէս, այս տարին յոբելեանական է՝ տոնում ենք դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման 25-ամեակը: Այդ տարիները եղել են սերտ համագործակցութեան ժամանակաշրջան, եւ մեզ յաջողուել է ձեւաւորել իսկապէս դաշնակցային յարաբերութիւններ: Նման բնոյթի յարաբերութիւնները միշտ թելադրում են մեր օրակարգը: Վստահ եմ, որ մեր այսօրուայ հանդիպումը եւս կը լինի բովանդակալից եւ կանցնի լիարժէք փոխվստահութեան մթնոլորտում», – ըսած է Հայաստանի նախագահը:
Նեղ կազմով հանդիպումէն ետք կայացած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու անդամներու մասնակցութեամբ:
Ի պատիւ պաշտօնական այցով Ռուսիոյ Դաշնութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անունէն տրուած է պաշտօնական ճաշ: