Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Մասնակցած է «ITB Berlin-2017» Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին

Հայաստանը Մասնակցած է «ITB Berlin-2017» Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին

by MassisPost

8-13 Մարտին Պերլինի մէջ իրականացուած է «ITB Berlin-2017» ամենամեայ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը, որուն այս տարի եւս իր մասնակցութիւնը բերած է Հայաստանի պատուիրակութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Հայաստանէն ցուցահանդէսին մասնակցած էին երկու տասնեակէ աւելի զբօսաշրջային ընկերութիւններ, անհատ թուր օպերատորներ գործարկուներ եւ հիւրանոցային պիզնէսը ներկայացնող կազմակերպութիւններ, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած են մեծ ճանաչում ունեցող այս ցուցահանդէսին ներկայացնել Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութեանն ու հնարաւորութիւններուն վերաբերող փաթեթներ։

Հայկական տաղաւարին մէջ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած է Գրիգոր Շակոյեանի ղեկավարած «Ակուա-թրիօ» համոյթը:

11 Մարտին ՀՀ դեսպանութենէն ներս ցուցահանդէսի մասնակիցներուն ընդունած է Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան, որ անոնց հետ քննարկած է ընթացիկ եւ սպասուող շարք մը ծրագիրներ:

Տեղեկանք. «ITB Berlin» ցուցահանդէսը կ’իրականացուի 1966 թուականէն եւ իր մասնակիցներու թիւով աշխարհի մէջ կը համարուի ամենամեծը։ Լաւագոյն հանգստավայրերն ու զբօսաշրջային փաթեթները ներկայացնելու համար այս ցուցահանդէսին ամէն տարի կը մասնակցին 5 մայրցամաքներու 190 երկիրներ եւ հազարաւոր զբօսաշրջային ընկերութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment